ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԵՐԷԿ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ 630 ԿԷՏՈՎ` 84-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Երէկ` երկուշաբթի, 6 փետրուարին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը:
Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 2 դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ 630 կէտով կը գրաւէ 84-րդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ սերպ Նովաք Տիոքովիչ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 13,630 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (10,435) եւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (8010):
Նշենք, որ այժմ Նալպանտեան կը պատրաստուի 10-12 փետրուարին Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Գերմանիա – Արժանթին թենիսի «Տէյվիս-Քափ»ի մրցաշարքին:
Նալպանտեանէն բացի, Արժանթինի կազմին մէջ են նաեւ Խուան Մոնաքօ, Խուան Իկնասիօ Շելա եւ Էտուարտօ Շուանք:
CATEGORIES Մարզական
