ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ». ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 9 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ` ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ հինգշաբթի, 9 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանան – Փաքիստան թենիսի «Տէյվիս-Քափ»ի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Նշենք, որ այս մրցումները տեղի կ՛ունենան Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասի Բ. խմբակին ծիրին մէջ:
Վիճակաձգութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը:
CATEGORIES Մարզական

