50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ
Գ. ՍՆԴՈՒԿԵԱՆԻ ԵՐԿԵՐԸ
Լոյս տեսաւ հայ իրապաշտ թատրերգութեան հիմը դնող Գաբրիէլ Սունդուկեանի երկերուն վերջին` 4-րդ հատորը:
Չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած են հայ թատերագրին ողջ ժառանգութիւնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հատորները կը պարունակեն Գ. Սունդուկեանի բոլոր կատակերգութիւնները` իրենց տարբերակներով, որոնց մեծ մասը տպագրուած է առաջին անգամն ըլլալով: Հոս, այս հատորներուն մէջ կան նաեւ արձակ գրութիւններ, ինչպէս` «Վարինկի վեչեր» պատմուածքը, «Համալի եւ Հադիդի մասլահաթներ» երգիծական գրութիւնները, եւ այլն:
Չորրորդ հատորին մէջ զետեղուած են Սունդուկեանի հայերէն, վրացերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն նամակները` զրկուած իր հարազատներուն եւ մտաւորականներու: Այդ նամակները, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ կը հրատարակուին առաջին անգամն ըլլալով, ցոյց կու տան հայ թատերագրին կապերը եւրոպացի գրագէտներու եւ արուեստագէտներու հետ, ինչպէս, օրինակ, Վիքթոր Հիւսկոյի, Ալեքսանտր Տիւմա որդիի, Սարտուի, Էռնեսթօ Ռոսսիի, Եուրի Վեսելովսկիի եւ ուրիշներու հետ:
ԼՈՆՏՈՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՂՁԱՆՔԸ`
ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ
Լոնտոնէն կը գրեն մեզի.-
Լոնտոնահայութեան բաղձանքը երկար ժամանակէ ի վեր եղած է կեդրոնավայր մը ունենալ, որուն յարկին ներքեւ հայութիւնը կարողանայ հաւաքուիլ եւ զարկ տալ հայապահպանման վսեմ գործին: Ահա այս բաղձանքը իրականութիւն է այսօր: Քենզինկթընի շրջանին մէջ հայոց եկեղեցիին մօտիկ շէնք մը գնուած է, եւ նորոգութիւններ տեղի կ՛ունենան: Կեդրոնավայրը պիտի կոչուի «Հայ տուն»: Վերջերս Համայնական խորհուրդի անդամներէն Ա. Խաչատուրեան, որ մօտէն կը հետեւի նորոգութեան գործերուն, բացատրեց, թէ Հայ տունը պէտք է ըլլայ բոլոր հայ հոգիներուն կեդրոնը` առանց խտրութեան: Հայ տունը պէտք է ունենայ իր պատշաճ գրադարանը, ուր ամէն հայ ազատ ըլլայ գիրք ստանալու: Աւելցուց, որ Լոնտոնի Հայ երիտասարդական միութեան Կեդրոնը պէտք է ըլլայ Հայ տունին մէջ: Երբ հարց տրուեցաւ նիւթականի շուրջ Ա. Խաչատուրեան նշեց, թէ Լոնտոնի հայ համայնքն է, որ իր ուսերուն վրայ պիտի առնէ Հայ տունին ծախսերը:
Հայ տունը ինքնին սքանչելի գաղափարի մը իրականացումն է եւ լոնտոնահայութեան ի նպաստ` կեդրոնավայր մը:
Առաջին անգամն ըլլալով կը հրատարակուին նաեւ կարգ մը անտիպ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ` Սունդուկեանի թէզը, որ նուիրուած է պարսկական բանաստեղծութեան տաղաչափութեան: Օտար լեզուներով գրուած նիւթերը ներկայացուած են իրենց թարգմանութիւններով միասին:
Առանձին գործերուն տարբերակներուն հետ մէկտեղ, ներկայացուած են բնագիրներու տարբերութիւնները, գործերուն պատմութեան վերաբերեալ ծանօթութիւններ, ուր յիշատակուած են ընդարձակ հատուածներ ժամանակակիցներու յուշերէն, լայն կերպով օգտագործուած են այն ատենուան պարբերաթերթերը եւ դիւանները:
ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
ՀՈԳԵՀԱՏՈՐԻՆ ԿԵԱՆՔԸ…
Ոչ ոք կրնայ չափել տառապանքը, զոր մայրը կը զգայ, երբ կը կորսնցնէ իր զաւակը, ծնունդէն ետքը, կարծես իր մարմինն է, որ կը փեռեկտեն, կը փրցնեն, կը տանին:
Եւ ի՜նչ աւանդութիւններ` պահպանելու համար հոգեհատորին կեանքը: Ս. Յովհան Ոսկեբերան կը պատմէ, թէ եօթը մոմ կը վառէին` եօթը սուրբերու անունով, ու նորածին մանուկին անուանակոչութեան համար կ՛ընտրէին անունը այն սուրբին, որուն մոմը կը մարէր ամէնէն ետքը: Ընտանիքի մը մէջ, որ կը դժբախտանար շարունակ կորսնցնելով երեխան, սովորութիւն էր նորածինին տալ անուն մը, որ նշանակէր կեանք կամ ապրիլ,- այսպէս յոյները կը գործածէին Զոյէ (կեանք), իսկ հայերը` Ապրիկ, Ապրիլուս անունները: Նոյն հաւատքէն կու գայ մեծ հօր կամ մեծ մօր անունով կնքելու սովորութիւնը, անուանակոչութեան մէջ դնելով մեծ հայր կամ մեծ մայր դառնալու չափ երկար ապրելու մաղթանք մը:
Յոյներու մօտ մայրերը իրենց երեխային օրօրոցէն կը կախէին փոքրիկ քսակ մը, որ լեցուած կ՛ըլլար աղով կամ հացով, սխտորով, տօսախի տերեւով, կարմիր բուրդով, այծի եղջիւրով, ծնեբեկի հունտով կամ կախարդական այլ բոյսերով, ի պաշտպանութիւն անակնկալ վտանգներու եւ մահուան դէմ: Բուրդը, բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ, այն հաւատքը կը ներշնչէ, թէ երեխան կը պաշտպանէ սատանաներուն դէմ: Նոյնպէս` զանգակը, զոր կը կախէին օրօրոցին վերեւ պէտք էր յաճախ հնչեցնել զանգակը, որպէսզի խուլ չըլլայ օրօրոցին մէջ պառկողը:
Կնքահայրը, որուն կուրծքին կը յարէին ծաղիկներու փոքրիկ փունջ մը, այս է, որ կը կոչուի մառքէ` ֆրանսական գիւղերու մէջ, եկեղեցիէն վերադարձին ծաղկեփունջ մըն ալ ինք կը բերէր ու կը կախէր իր սանիկին օրօրոցէն, այն մաղթանքով, որ կեանքը ընթանայ ծաղիկներու մէջ եւ երբեք մահ չտեսնէ:
Որքա՜ն քաղցր են, երբեմն` յուզիչ, օրօրոցի երգերը, որոնք կը թրթռան յոյզերով ու յոյսերով, ըղձանքներով եւ երազներով:

