ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

ՆԵՐՔԻՆ ԱԳՈՒԼԻՍ ԵՒ ՑՂՆԱ

Ներքին Ագուլիսի յարակից գօտին

Գողթան գաւառի գլխաւոր բնակավայրերէն են Ներքին Ագուլիս եւ Ցղնա: Երբեմնի զուտ հայաբնակ պատմական գիւղեր, որոնք ազգային, հասարակական ու մշակոյթի շարք մը երախտաւորներ տուած են: Անոնք անշքացան 1919-1920-ին:

ՆԵՐՔԻՆ ԱԳՈՒԼԻՍ

Ներքին Ագուլիս կամ Դաշտ կը գտնուի Վերին Ագուլիսէն քանի մը քիլոմեթր հարաւ, Ագուլիսի ձորին ստորոտը, հարթավայրային դիրքի վրայ: Գիւղին հարաւային կողմը կը բարձրանայ Կոնգլաշ լերկ բլուրը, իսկ արեւմտեան կողմը` Կոճղնոց լեռը: Գիւղէն հիւսիս, մինչեւ Վերին Ագուլիս տարածուող գօտին այգիներով եւ պտղատու ծառաստաններով ծածկուած է: Իսկ Կոնգլաշի ստորոտէն հոսող եւ Վերին Ագուլիսէն եկող գետը Ներքին Ագուլիսի եւ Օրտուպատի միջեւ սահմանը կը կազմէ:

Ներքին Ագուլիս զուտ հայաբնակ էր. 1897-ի տուեալներով ունէր 200 տուն` 990 բնակիչ, իսկ 1904-ի տուեալներով` 739 բնակիչ:

Ներքին ագուլեցիք մեծ մասամբ հողագործութեամբ կը զբաղէին. կը մշակէին խաղող, խնձոր, տանձ, դեղձ, նուշ եւ այլ պտուղներ. անուանի էին յատկապէս քաղցրահամ սեխն ու ձմերուկը: Կը զբաղէին նաեւ շերամապահութեամբ, որ եկամուտի գլխաւոր աղբիւր էր: Կը պահէին նաեւ ընտանի կենդանիներ:

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կը գտնուէր գիւղին հիւսիս-արեւմտեան կողմը. անոր հիւսիսային կողմը կը գտնուէր Ամառային եկեղեցին: Երկու եկեղեցիներուն միջեւ կային տապանաքարեր:

Սուրբ Մինաս եկեղեցին կամ մատուռը կը գտնուէր գիւղին հարաւ-արեւելեան կողմը եւ փայտածածկ էր:

Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կը գտնուէր Կոնգլաշ բլուրին ստորոտը եւ ուխտատեղի էր: Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին համաժողովրդական տօնախմբութիւն կը կատարուէր. այդ օր Վերին Ագուլիսէն եւս մեծ թիւով ուխտաւորներ կը մասնակցէին եկեղեցական արարողութեան: Տղաք եւ աղջիկներ Սուրբ Սարգիսի կ՛ապաւինէին իրենց մուրազին հասնելու համար:

Շահ Աբասի 1604-ի բռնագաղթին ժամանակ ներքին ագուլիցիներէն շատեր Պարսկաստան քշուեցան եւ Նոր Ջուղայի մէջ առանձին թաղի մը մէջ բնակութիւն հաստատեցին:

Ներքին ագուլեցի շարք մը վաճառականներ կապեր ունէին Վենետիկի եւ Լիվոռնոյի հետ. անոնցմէ ոմանք բարեգործներ եղած են եւ նուիրատուութիւններ կատարած են Վենետիկի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին:

Նոր Ջուղայի մէջ բնակութիւն հաստատած ներքին ագուլեցի ընտանիքէ սերած է մատենագիր եւ տաղասաց Ստեփանոս Դաշտեցի: Ծնած` 1653-ին, իր ինքնակենսագրութեան մէջ ան կը գրէ. «Ես եմ այր ազգաւ հայ ի ծննդոց Հայկայ, որդի Տէր Բարսեղի սրբացեալ եւ հոգիընկալ քահանայի, որդւոյ Խոջա Մելքումի` մականուն Շիր Փալանգ կոչեցելոյ, որդւոյ տէր Ոսկանայ քահանայի, որդւոյ Սենեքերիմայ առն նշանաւոր ի Դաշտէն Գողթնեաց եւ դաստիարակեալ եւ սնեալ եւ յեկեղեցւոջ հայոց»:

Ագուլիս

Ստեփանոս Դաշտեցի սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի դպրոցին մէջ, սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ, բայց յետոյ եկեղեցական ծառայութիւնը ձգելով առեւտրական ասպարէզ նետուեցաւ, երկար ճանապարհորդութիւններ կատարեց դէպի Հնդկաստան եւ յարակից երկիրներ, յետոյ գնաց Եւրոպա եւ շրջեցաւ բազմաթիւ քաղաքներ` Հռոմ, Վենետիկ, Լիվոռնօ, այնուհետեւ անցաւ Ֆրանսա, Հոլանտա, Շուէտ եւ Անգլիա: Ան շփում ունեցաւ բողոքական եւ կաթոլիկ տարբեր շրջանակներու հետ եւ ի վերջոյ կաթոլիկութեան յարեցաւ: Կ՛ենթադրուի, որ ան Հռոմի Ուրբանեան վարժարանի դասընթացքներուն հետեւած է:

Ստեփանոս Դաշտեցի երգիծական, պարսաւական, խրատական եւ իմաստասիրական տաղեր գրած է, որոնք պատմական, ազգագրական, բարբառագիտական եւ բանահիւսական արժէք կը ներկայացնեն: Գրած է նաեւ հանելուկներ: Պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ «Կարգ թագաւորաց հնդկաց»  ժամանակագրութիւնը: Հեղինակած է դաւանաբանական եւ հրապարակախօսական երկեր, որոնցմէ արժէքաւոր են յատկապէս «Մաղախ փշրանաց»-ը, «Խնդիր ուղղութեան»-ը եւ «Կոչնակ ճշմարտութեան»-ը:

Նոր Ջուղայի մէջ բնակութիւն հաստատած ներքին ագուլեցիներուն մէկ մասը հետագային գիւղ վերադարձաւ եւ աստիճանաբար վերաշինեց եւ շէնցուց պապենական բնօրրանը: Իսկ մահտեսի Մելքոն Սէրեանի նուիրատուութեամբ գիւղին եկեղեցիները վերանորոգուեցան, ինչպէս նաեւ հեռաւոր լեռներու ընդերքէն գետնածածկ առուներով ջուր բերուեցաւ եւ շուկային կից աղբիւր մը կառուցուեցաւ:

Եարղուլեան ընտանիքի բարերարութեամբ վերակառուցուեցաւ Ամառային եկեղեցին եւ Սուրբ Մեսրոպի մատուռը:

Վարդազարեան 1860-ին Մոսկուայէն բերել տուաւ շերամի բոժոժէն թել քաշելու մեքենայ, մեծապէս նպաստելով շերամապահութեան զարգացման եւ գիւղի բարգաւաճման: Անոնք իրենց գործարանին մէջ գործ հայթայթեցին շատ մը համագիւղացիներու: Վարդազարեան ընտանիքի ժառանգորդներէն Ստեփան Մոսկուայի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստացաւ, իսկ եղբայրը` Փիլիպոս Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատելով «Մուրճ» ամսագիրի եւ «Հորիզոն» թերթի հրատարակութեան ձեռնարկեց եւ Զարդարեան ընտանիքին հետ կաշիի գործարան հիմնեց:

Յակոբ քահանայ Տէր Անդրէասեան երկար տարիներ իր հայրենի գիւղին մէջ ծառայեց իբրեւ հովիւ, ուսուցիչ եւ ժողովրդական բժիշկ: Ժողովրդանուէր հոգեւորական, ան շրջագայութիւններ կատարեց շրջակայ գիւղերը եւ իր խորհուրդներով աշխատեցաւ օգտակար ըլլալ բոլորին: Միաժամանակ ան գրի առաւ ծերունիներու պատմութիւնները եւ վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ ժողովրդական սովորութիւններ, երգեր եւ առակներ, բոլորն ալ տեղական զոկերէն բարբառով:

Ներքին Ագուլիսի բնակչութեան մէկ մասը կոտորուեցաւ 1919 դեկտեմբեր 24-25-ին, իսկ մնացեալներն ալ հեռացան եւ գիւղը անշքացաւ:

ՑՂՆԱ

Ցղնա

Ցղնա կը գտնուի երկար եւ լայն ձորի մը մէջ, գետափին: Նոյն ձորին մէջ կը գտնուին մօտակայ Ռամիս, Փառակա, Բիստ, Ալահի եւ Խուրստ գիւղերը: Գետը գիւղը երկու մասի կը բաժնէ. անոր վրայ, գիւղին կեդրոնը քարէ կամուրջ մը կառուցուած է: Գիւղին հին բնակարանները կառուցուած են ձորի երկայնքին, գետին աջ ու ձախ ափերուն, լերան ստորոտը եւ աստիճանաբար բարձրանալով բարձրադիր դիրք կը գրաւեն ներքեւի տուներուն բաղդատմամբ:

Ցղնա հինէն ի վեր Գողթան գաւառի ամէնէն մեծ եւ շէն գիւղերէն եղած է եւ մնայուն 800-էն 900 տուն հայ բնակչութիւն ունեցած է: Ցղնա մշակութային կարեւոր կեդրոն եղած է: Հետագային բնակչութեան թիւը նուազելով, 1919-ին 300 տուն հայութիւն մնացած էր հոն:

Ցղնացիները գլխաւորաբար երկրագործներ էին. ունէին բերրի վարելահողեր եւ լաւ մշակուած պտղատու ծառերու եւ խաղողի այգիներ:

Խիտ անտառներով շրջապատուած գիւղին յարակից լեռնալանջերուն վրայ բազմաթիւ օգտակար բոյսեր կ՛աճին. ամէնէն աւելի խոտառատ են յատկապէս դէպի հիւսիս-արեւելք երկարող լեռնալանջերը: Այդ խոտերը ցղնացիներուն սնունդ կը հայթայթէին եւ նաեւ բուժիչ յատկութիւններ ունէին:

Ցղնա, իր հարուստ արօտավայրերուն շնորհիւ անասնապահութեան յարմարութիւններ ունէր. գրեթէ ամէն ընտանիք կաթնտու կենդանիներ ունէր` կով, այծ եւ ոչխար, ինչպէս նաեւ եզներ` արտերը հերկելու համար, ձի, էշ եւ ջորի: Կարգ մը ընտանիքներ էշն ու ջորին վարձու կու տային:

Ցղնայի մէջ բաւական զարգացած էր շերամապահութիւնը. գիւղին մէջ կար շերամի բոժոժէն թել քաշելու փոքրիկ գործարան մը:

Ցղնայի Սուրբ Աստուածածին վանքը կը գտնուէր գիւղին հիւսիս-արեւելեան թաղամասին մէջ, հարթ տարածութեան մը վրայ: Կառուցուած է ԺԲ.-ԺԳ.  դարերուն. 1349-ին հոն գրչագրուած Աւետարանին համաձայն անիկա մեծ եւ գեղեցիկ տաճար էր: Եկեղեցին վերանորոգուած է ԺԷ. դարուն, Մովսէս եւ Փիլիպոս կաթողիկոսներուն կողմէ: Վանքը գրչութեան կարեւոր կեդրոն եղած է:

Գիւղին մէջ կը գործէին նաեւ Սուրբ Գրիգոր, Սուրբ Նշան եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները:

Ցղնայի լեռները

Ցղնա յայտնի էր նաեւ իր ջրաղացներով, հնձաններով, կամուրջներով, բերդապարիսպներով եւ այլ նիւթական մշակոյթի կանգուն ու աւերակ յուշարձաններով:

Ցղնացիք հինէն ի վեր կապեր ունեցած են արտաքին աշխարհին հետ, եւ հալածանքներու, ինչպէս նաեւ առեւտրական գործառնութիւններու բերումով ցրուած են տարբեր երկիրներ:

Ցղնացի վաճառականներ Յակոբ եւ Փանոսի որդի Սոլիման 1688-1699-ին յիշուած են Վենետիկի մէջ: Ցղնացի այլ վաճառական մը` Մարգար, Նոր Ջուղա տարուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը իր գնած ապրանքներուն մէջ թաքցնելով Էջմիածին տանելով Փիլիպոս կաթողիկոսին յանձնեց:

ԺԷ. դարուն Անգարայի մէջ կեդրոնացած ցղնացի վաճառականներ էին խոճա Ատոմ, խոճա Բունիաթ եւ խոճա Բաղում: Անոնք Անգարայի հայոց եկեղեցիներուն առատ նուիրատուութիւններ կատարած են եւ անոնց անունները յիշուած են շարք մը կոնդակներու մէջ:

Ծագումով ցղնայեցի էին Կոմիտաս վարդապետի նախնիները` Սողոմոնեանները, որոնք Անատոլուի Կուտինա քաղաքը գաղթած էին. Ցղնայի Տամբրի թաղին մէջ պահպանուած էին Սողոմոնանց ապարանքին աւերակները: Ցղնացիներու ճիւղ մը փոխադրուած էր Արմաւիր. անոնց շառաւիղներէն Ասլան Թարասովի եւ Լիտիա Աբեսոլոմովայի զաւակն է ֆրանսացի գրագէտ Հենրի Թրուայա (1911-2007): Ծագումով ցղնայեցի է նաեւ ֆրանսացի անուանի նկարիչ Էտկար Շահին (ծնած` 1874-ին, Վիեննա, մահացած` 1947-ին, Փարիզ): Ցղնայի մեծ տոհմերէն են Զօրեանները, որոնցմէ են Ստեփան (Ռոստոմ), Արիստակէս (Կարօ) եւ Զօրի եղբայրները. Ռոստոմ (1867-1919) Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներէն եղաւ. Կարօ (1871-1897) նահատակուեցաւ Խանասորի արշաւանքին ժամանակ, իսկ Զօրի (1870-ական-1934) 1918-էն 1920 Ախալցխայի քաղաքապետը եղաւ:

ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՀՄԸ

Ագուլիսի մեծ եւ համբաւաւոր տոհմերէն են Հախնազարեանները: Անոնք մեծ առեւտրականներ էին եւ Աբէեաններուն հետ միասնաբար առեւտրական մեծ ընկերութիւններ հիմնած էին Մոսկուայի մէջ, որ մասնաճիւղեր ունէր Պաքուի, Աստրախանի, Երեւանի, Աշխապատի, Մարսէյի եւ Պարսկաստանի Պոպոլում, Սապզվար, Նիշափուր, Թուրպաթ եւ Մարաղա քաղաքներուն մէջ:

Սարգիս Հախնազարեան (1860-1910-ական տարիներ) երկար տարիներ Ագուլիսի ծխական դպրոցներու հոգաբարձու եղած է եւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին եւ Երեւանի թեմական դպրոցներուն մէջ սաներ պահած է: Ան նաեւ քանի մը եկեղեցիներու երէցփոխ եղած է:

Յարութիւն Հախնազարեան առեւտրական հաստատութիւններ ունէր Երեւանի, Մոսկուայի, Թեհրանի եւ այլ քաղաքներու մէջ եւ շարք մը բարեգործութիւններ կատարած է: Զոհուեցաւ Ագուլիսի 1919 դեկտեմբեր 24-25-ի կոտորածին ժամանակ:

Մարտիրոս Հախնազարեան, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն շրջանաւարտ, Գերմանիոյ մէջ համալսարանական կրթութիւն ստացաւ: Ագուլիսի դպրոցի ուսուցիչ, հոգաբարձու եւ Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ եւ աւագ վերակացու եղաւ: Զոհուեցաւ 1919 դեկտեմբեր 24-ի Ագուլիսի կոտորածին ժամանակ:

Արմենակ Հախնազարեան (1885-1970), երկրաչափ եւ Փեթերսպուրկի Երկաթուղային երթեւեկի հիմնարկէն շրջանաւարտ, աշխատած է Մոսկուայի, Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ: Հեղինակ է մասնագիտական շարք մը յօդուածներու:

Ռուբէն Հախնազարեան (1888-1972), Թիֆլիսի այգեգործութեան եւ գինեգործութեան դպրոցէն շրջանաւարտ, 1921-էն 1949 «Արարատ» գինիի գործարանին գլխաւոր գինեգործի տեղակալ եղաւ, 1949-էն 1955` գլխաւոր գինեգործ, իսկ 1955-էն 1970` մառանապետ: Պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով:

Հմայեակ Հախնազարեան (1898-1975) իբրեւ կամաւոր մասնակցեցաւ 1918-ի Սարըղամիշի հայ-թրքական կռիւներուն: Երկրաչափ եւ արհեստագիտական ծառայութեան զօրավար, գործած է Լենինկրատի եւ Մոսկուայի մէջ: 1939-1947-ին Խորհրդային Միութեան ռազմամթերքի գիտահետազօտական հիմնարկին ղեկավարը եղաւ: Պարգեւատրուած է Լենինի, Կարմիր դրօշի երկու, Աշխատանքային դրօշի եւ Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշաններով:

Յովհաննէս Հախնազարեան (1900-1978), Մարտիրոսի զաւակը, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն եւ Փրակայի համալսարանէն շրջանաւարտ, Ագուլիսի կոտորածէն ետք Թեհրանի մէջ բնակութիւն հաստատեց: Պատմագիտութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտոր, երկար տարիներ ուսուցչութեամբ զբաղեցաւ եւ Թեհրանի համալսարանի դասախօս եղաւ: Հեղինակ է շարք մը աշխատութիւններու, որոնցմէ յիշենք «Գողթան գաւառ» մեծածաւալ գիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES