ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
«ՈՒԷՊԾԻՐԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ
ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՆ
Վերջերս, «Վիվասել – Էմ. Թի.Էս.»-էն տեղեկացուցին, որ «Ուէպծիրան» համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնին արդիւնքները ամփոփուած են մասնագէտ դատական կազմի կողմէ` Արա Խանճեանի, Սիրանուշ Գալստեանի, Գոհար Յակոբեանի, Կարինէ Ռաֆայէլեանի եւ Միքայէլ Ստամբոլցեանի, որ դատական կազմի նախագահն էր: Ըստ անոնց որոշումին, մրցանակներու արժանացած են հետեւեալ ժապաւէնները. գլխաւոր մրցանակը նուաճած եւ ստացած է 1000 տոլարի համարժէք դրամ` «Աշնան արեւ» ժապաւէնը, բեմադրութեամբ Տիանա Կարդումեանի: Յատուկ մրցանակ 500 տոլարի համարժէք դրամ տրուած է «Հատուող ճակատագրերու հանգրուանը» խորագիրով ժապաւէնին, բեմադրութեամբ Արսէն Այրապետեանի: Խրախուսական մրցանակներ ստացած են «Թեթեւ հպում»` բեմադրութեամբ Նարէ Մկրտչեանի, «Նախշոյի դպրոցը»` բեմադրութեամբ Գոհար Խաչատրեանի, «էն ուրիշ ֆրունզեկը»` բեմադրութեամբ Յովհաննէս Պապիկեանի, «Օգնիր նրանց հիմա»` բեմադրութեամբ Արտներսէսի, «Պայ-պայ»` բեմադրութեամբ Արեգ Մկրտչեանի, Հրայր Լազեանի եւ Աշոտ Յարութիւնեանի ժապաւէններուն:
«Ուէպծիրան» համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնը սկսած էր 15 նոյեմբեր 2011-ին, «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի եւ webtv.am համացանցի պատկերասփիւռի նախաձեռնութեամբ: Փառատօնին հովանաւորը «Վիվասել – Էմ. Թի.Էս.»-ն է:
«Զարգացող աշխարհի մէջ անխուսափելի է ժամանակակից արհեստագիտութիւններու ներթափանցումը նաեւ մշակոյթի բնագաւառ, բան մը, որ ողջունելի է եւ կը խրախուսէ տաղանդին բացայայտման:
Արհեստագիտական լուծումներու կիրարկումը, տուեալ պարագային` համացանցը, ստեղծագործողին առիթ կու տայ, որ առանց նիւթական մեծ գումարներ օգտագործելու` իր ըսելիքը հասցնէ լայն հասարակութեան: Չափազանց կարեւոր գործօն է, որուն կարիքը ունին շարժապատկերի արուեստը եւ սկսնակ ստեղծագործութիւնները: Կը շնորհաւորեմ նորարական այս փառատօնին մրցանակակիրները եւ կը յուսամ, որ այս յաղթանակը լուրջ ազդակ հանդիսանայ, որպէսզի մրցանակ շահող բեմադրիչները հասնին աւելի մեծ յաջողութիւններու», նշած է «Վիվասել – Էմ. Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուած է տարբեր տեսակներու 49 ժապաւէն: Աւելի քան մէկ ամսուան ընթացքին ներկայացուած ժապաւէնները դիտած են 42 հազար 32 անգամ:
Յիշեցնենք, որ «Ուէպծիրան» համահայկական շարժապատկերի փառատօնին մասնակցելու կարելիութիւն տրուած էր Հայաստան եւ արտերկիր բնակող շարժապատկերի հայ բեմադրիչներու: Մրցոյթին կարելի էր ներկայացնել մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ, առանց տեսակային սահմանափակումներու եւ որեւէ արհեստագիտական միջոցով նկարահանուած ժապաւէններ: Նշենք նաեւ, որ դատական կազմի անդամներուն գնահատականները եւ ընդհանուր արդիւնքները կարելի է տեսնել webtv.am կայքէջին մէջ:
ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ`
ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆ
Հասարակութեան կարծիքի ուսումնասիրման կեդրոնը յայտարարած է մրցանակաբաշխութիւն` Հանրային ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայանին մէջ:
Ըստ այդ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն, տարուան լաւագոյն մեկնաբան ճանչցած է «Առաջին լրատուական» ծառայութեան մեկնաբան Աբրահամ Գասպարեան, լաւագոյն լրագրող` «Առաջին լրատուական»-ի լրագրող Արթուր Գրիգորեան:
Լաւագոյն մարզային լրագրող, ըստ նոյն մրցումի, դարձած է Հրաչեայ Պապիեան, տարուան լաւագոյն երաժշտական նախագիծը «10+10» նախագիծն է, լաւագոյն հաղորդավարը` «Օտար ամայի ճամբէքի վրայ»-ն:
«Պատկերասփիւռ դիտողի համակրանք» մրցանակին արժանացած է հանրային պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Նազենի Յովհաննիսեան, իսկ հանրային ձայնասփիւռի կայանի լաւագոյն հաղորդումը «Զարթուցիչ»-ն է: Լաւագոյն մեկնաբանները` Լուսինէ Մուրատեան եւ Արամ Մանուկեան:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը եւ խմբագրական կազմը կը շնորհաւորեն Աբրահամ Գասպարեանը` տարուան լաւագոյն մեկնաբանի տիտղոսին տիրանալուն առիթով:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԳԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
ՄԱՆԿԱՏՈՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՆՈՐՈԳԷ
«Հեռախօսամարաթոն 2011»-էն գոյացած գումարներով իրականացուող ծրագիրներու ծիրին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գերմանահայ համայնքի տեղական մարմինը պիտի նորոգէ Գիւմրիի «Երեխաներու տուն» մանկատունը:
Նշենք, որ մանկական շէնքը կառուցուած է 1924-ին եւ մինչեւ 1972 գործած է իբրեւ գիշերօթիկ մանկապարտէզ: Մանկատան խնամքին յանձնուած են մտային եւ ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող մինչեւ 6 տարեկան աւելի քան 120 մանուկներ: 6 տարեկանը ամբողջացնելէ ետք մանկատան սաները կը տեղափոխուին դեռահասներու համար նախատեսուած մանկատուներ` նկատի ունենալով անոնց մտաւոր եւ ֆիզիքական վիճակը:
«Հարցերը օրէ օր կ՛աւելնային: Կոյուղիի եւ ջուրի գիծերը կը քայքայուէին: Անոնց մաշուածութեան պատճառով անհանգոյցները աւելի եւ աւելի յաճախ անօգտագործելի կը դառնային, իսկ պատերը խոնաւութենէն կը քայքայուէին: Շէնքի օդափոխութեան համակարգը շատոնց արդէն չէր գործեր, բան մը, որ արդէն անընդունելի է առողջական զանազան հարցեր ունեցող փոքրիկներու համար», մտահոգութիւն յայտնած է մանկատան տնօրէն Ռուզաննա Աւագեանը:
Ըստ անոր, շէնքը բարեկարգուած եւ բնական պայմաններով օժտելէ ետք պիտի փորձեն բուժել եւ համապատասխան գուրգուրանքի եւ հսկողութեան ենթարկել սաները:
«Մեր ցանկութիւնն է, որ հայ մանուկները ըլլան առողջ եւ ապրին լիարժէք կեանքով, իսկ եթէ կան փոքրիկներ, որոնք հարցեր ունին, պէտք է կարելինիս ընենք, որ անոնց կեանքը ըլլայ լուսաւոր եւ իմաստալից», յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան:
ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ`
«ՅԱՂԹԱՆԱԿ» ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ
Հայաստանի հանրային խորհուրդի մշակոյթի ենթայանձնախումբը պիտի քննարկէ Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մօտ աստուածաշնչեան իրական չափերուն համապատասխանող Նոյեան տապան կառուցելու աննախընթաց գաղափարը:
Կառոյցի հեղինակները «Յաղթանակ» զբօսայգիին «Ուրախ ժամանց» ընկերութեան տնօրէն Թորոս Ումրիկեան, «Գեղարուեստի կոմբինատ»-ի տնօրէն եւ «Արմարէ» ընկերութեան նախագահ Մարտուն Յարութիւնեան յայտնած են, որ անիկա պիտի դառնայ գիտական, կրթական, պատմական, մշակութային համալիր: Կը նախատեսուի զայն տեղադրել Արարատ լերան ճիշդ դիմաց` «Յաղթանակ» զբօսայգիին բարձունքին: Կառոյցը պիտի ունենայ 132 մեթր երկարութիւն եւ 22 մեթր լայնք:
Ըստ նախագիծի հեղինակներուն, կառոյցը պիտի ըլլայ «Զբօսաշրջիկներու հանգրուան, դիտակէտ` Արարատ լեռէն Նոյեան տապան եւ Նոյեան տապանէն Արարատ լեռ:
«Այսպիսով, համայն աշխարհին ցոյց կու տանք, որ համաշխարհային ջրհեղեղէն ետք հայոց աշխարհի սրտէն` Արարատ լեռէն սկսած է մարդկութեան երկրորդ վերածնունդը», հաղորդած է Մարտուն Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ այս ծրագիրին համար կը նախատեսուի ծախսել 15-20 միլիոն տոլար:
Ըստ նախագիծին, քառայարկ կառոյցին 10 հազար քառ. մեթրին մէջ պիտի տեղադրուին պատմական Նոյեան տապանի «անձնակազմ»-ին կրկնօրինակները` 8 մարդ, 120 անասուն, համամարդկային մասունքներ, կահ-կարասի, թատրոն, համաժողովներու դահլիճ, կառոյցի համապատասխան գրասենեակներ, ուխտաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու համար հանգստեան եւ գիշերելու 40 առանձնասենեակներ` սպասարկման տարբեր կէտերով, իսկ վերի բաժինին մէջ պիտի տեղադրուին յատուկ հեռադիտակներ` սրբազան լեռը մօտէն դիտելու համար:
Հանրային խորհուրդի մշակոյթի ենթայանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մանասեան իր կարգին յայտնած է, որ ենթայանձնախումբը պիտի քննարկէ այդ հարցը եւ միասնական որոշում պիտի կայացնէ այդ մասին:
ԳՈՒԺ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆԻ «ՄԱՐԳԱՐ ՊԱՊԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ
ԺԱՊԱՒԷՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, բեմադրիչ Գուժ Թադեւոսեանի յաւերժական ազատութեան նուիրուած «Մարգար պապը» խորագիրով ժապաւէնը ներկայացած է յունուար 16-18 Մինսքի մէջ կայացած «Սինեմա փերփեթիում մոպայլ» միջազգային փառատօնին եւ արժանացած է գնահատական վկայականի:
Փառատօնին մասնակցած են 35 երկիրներու 150 երիտասարդ բեմադրիչներ եւ ցուցադրուած է 180 ժապաւէն: «Մարգար պապը» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք փառատօնի դատական կազմի անդամ, «Պիելոռուս վիտէօ կեդրոն»-ի տնօրէն Եուրի Իքրուշա Գուժ Թադեւոսեանին առաջարկած է հայ-պիելոռուսական ժապաւէն մը նկարահանել:
Նշենք, որ «Մարգար պապը» շարժանկարը նկարահանուած է Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնի աջակցութեամբ: Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ Մարոքի, Պերլինի, Լեհաստանի փառատօներուն:
«Մարգար պապը» ժապաւէնին հեղինակն է` Արթուր Մկրտչեան, բեմադրիչը` Գուժ Թադէոսեան, իսկ դերակատարները` Կարէն Ջահանգիրով, Ժորա Դիլանեան, Լեոնիա Գալստեան եւ Նարեկ Ազէկեան:
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ԳԻՏԱԿ ԳՐԻԳՈՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է
Վերջերս մահացած է հանրածանօթ աղբիւրագէտ, գրականագէտ, վաստակաւոր լրագրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութեան հիմնադիր անդամ Գրիգոր Գույումճեան: Սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան գիտակ Գրիգոր Գույումճեան 90-ական թուականներէն աշխատած է Երեւանի պետական համալսարանի լրատուական բաժանմունքին մէջ:
Նշենք, որ 1 փետրուարին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի հաւաք:
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ
ԱՄՓՈՓՈՒԵՑԱՆ ՊԱՆԹԷՈՆԻ ՅՈՒՇԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ
Արեւմտահայ վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի մարմինը ափոփուած է Պոլիս, իսկ բանաստեղծին գանկին բեկորները իրենց վերջին հանգրուանը գտան Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Գանկին վերաթաղման հարցը բարդ էր այն առումով, որ անոր լուծման համար պահանջուեցաւ 43 տարի: Պանթէոնի յուշապատին վրայ ամփոփուեցան Պետրոս Դուրեանի գանկի բեկորները: Այս մասին յայտնեց Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արդէն նախկին տնօրէն Հենրիկ Բախչինեան, որ մօտաւորապէս 20 տարի պայքարած է, որ Պ. Դուրեանի թանգարանին մէջ պահուող գանկին բեկորները հողին յանձնուին` Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ: Ան դիմում ներկայացուցած էր անկախութենէն ետք Հայաստանի մշակոյթի բոլոր նախարարներուն, ինչպէս նաեւ` ներկայիս գործող նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին: Սակայն ոեւէ մէկը չէր ընդառաջացած այդ դիմումին:
Պ. Դուրեան կեանքէն հեռացած է 20 տարեկանին, թոքախտէ, առանց որեւէ լուսանկար ձգելու իր ետին: Անոր ծանօթ եւ միակ դասագրքային լուսանկարը ստեղծուած էր ըստ մօրը եւ քրոջը դէմքերուն նմանութեան եւ բանաստեղծը ճանչցողներուն յիշողութեան հիմամբ: 1872-ին Պ. Դուրեանի մարմինը թաղուած է Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ: 1960-ականներուն վերջաւորութեան որոշուեցաւ գերեզմանատան տարածքին վրայ ճանապարհ կառուցել եւ գերեզմանը տեղափոխելու հարց յառաջացաւ: Այդ ժամանակ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան կրցաւ ծածուկ, սքեմին տակ պահելով, Հայաստան բերել բանաստեղծին գանկը եւ յանձնել Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ին: Վեհափառն ալ, իր կարգին, 1969-ին, գանկին բեկորները ի պահ յանձնեց թանգարանին:
Պետրոս Դուրեանի գանկը հողին յանձնելու հարցը 2009-ին քննարկուած էր թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան հանդիպումներու ընթացքին, իսկ հարցին վերջնական որոշումը տրուած է Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:
Ակադեմիկոս, մարդաբան, գանկաբան Անդրանիկ Ճաղարեան գանկի բեկորներու հիման վրայ վերականգնած է Դուրեանի իրական դէմքը եւ ստեղծած է քանդակը: Հենրիկ Բախչինեան յոյս յայտնած է, որ օր մը կարելի պիտի ըլլայ Դուրեանի պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրել պանթէոնին մէջ եւ այդպիսով պիտի ապահովուի արեւմտահայ գրականութեան ներկայութիւնը մայր հայրենիքին մէջ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

