ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՈՍԿԻ ԱՌԻԹՆԵՐ ՉԵՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՐ ՊԱՔՈՒԻ
Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան խողովակաշարը Ազրպէյճանի համար քարիւղի արտադրութեան գլխաւոր խողովակաշարն է` Կասպից ծովէն տարհանուող քարիւղը Եւրոպայի մէջ յաճախորդներուն հասցնելու: Հակառակ անոր որ Եւրոպա կը ծրագրէ 1 յուլիսէն սկսեալ Իրանէն քարիւղի ներածման դէմ արգելք դնել, Ազրպէյճան չ՛ակնկալեր շրջանին մէջ քարիւղի վաճառքի նշանակալի, էական աճ:
Կը թուի, թէ ուժանիւթով հարուստ Ազրպէյճան լռելեայն կը զօրակցի իր հարաւային դրացին` Իրանը միջազգային աւելի խիստ պատժամիջոցներու ենթարկելու գաղափարին: Բայց կ՛երեւի, թէ Պաքու շահ պիտի չապահովէ Իրանէն քարիւղի ներածման դէմ արգելք հաստատող Եւրոպական Միութեան որոշումէն:
Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ 1 յուլիսէն սկսեալ Իրանէն քարիւղի ներածման դէմ արգելք պիտի հաստատէ, բացի եթէ իրանցի պաշտօնատարներ երկրի հիւլէական ծրագիրը բանան աւելի ընդարձակ միջազգային հսկողութեան, քննութեան:
Կասպեան աւազանին մէջ իբրեւ քարիւղ եւ բնական կազ արտադրող մեծ երկիր, կը թուէր, թէ Ազրպէյճան պատրաստ պիտի ըլլար շահագործելու իրանեան արտադրութիւնները արգիլելու որեւէ շարժում:
Սակայն արդիւնաբերական մարզի պատասխանատուներ Պաքուի մէջ կը նշեն, որ Ազրպէյճանի ուժանիւթի արտադրութիւնը գագաթնակէտին կը հասնի եւ իր մատակարարումներուն մեծամասնութիւնը արդէն յատկացուած է ընթացիկ յաճախորդներու:
Ազրպէյճանի Հանրապետութեան քարիւղի պետական ընկերութեան (ԱՀՔՊԸ) ամէնէն ազդեցիկ դերակատարը` Ազրպէյճանի ուժանիւթի արդիւնաբերութեան մէջ, գլխաւոր տնօրէնը ըսաւ, որ ընկերութիւնը ներքին քննարկումներ չէ ըրած, Իրանի դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն հաստատման պարագային, քարիւղի արտադրութեան իր ռազմավարութիւնը փոխելու վերաբերեալ: Ան աւելցուց, որ փոփոխութիւններ չեն ակնկալուիր: «Ես չեմ կարծեր, որ Ազրպէյճան իր արտադրութեան ռազմավարութեան մէջ բան մը պիտի փոխէ, քանի որ մենք արդէն մեր քարիւղին մեծ մասը եւրոպական շուկաներ կ՛արտածենք», ըսաւ տնօրէնը:
Պաքուի մէջ ընդհանրապէս զգայուն նիւթ են պատժամիջոցները: Կառավարութիւնը պաշտօնական ոչ մէկ մեկնաբանութիւն հրապարակած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու նախաձեռնութեան շուրջը. բայց Կովկասի մէջ, ինչ որ չէ ըսուած, յաճախ աւելի կարեւոր է, քան այն, ինչ որ ըսուած է:
Պաքու անցեալին քննադատած է պատժամիջոցներու որդեգրումը Իրանի դէմ, ուր կարեւոր թիւով ազերի փոքրամասնութիւն մը կը բնակի: Անցեալ ամսուան ընթացքին, սակայն, Թեհրանի հետ լարուածութիւնը սուրբ բնոյթ ստացաւ` համացանցային իրանեան ենթադրեալ յարձակումներուն, Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանին դէմ մահափորձի ենթադրեալ ծրագիրի մը եւ իսլամներուն վիրաւորական թուացող մեկնաբանութիւններու պատճառով ազրպէյճանցի գրողի մը` Ռաֆիք Թակիի սպանութեան պատճառներով:
Այս լարուածութիւնները չեն դրսեւորուիր Իրանի դէմ պատժամիջոցներու զօրակցութեան Ազրպէյճանի ոչ մէկ հրապարակային յայտարարութեան մէջ, սակայն Պաքուի կեցուածքը «այս հարցին գծով աւելի արեւմտամէտ պիտի ըլլայ», կը նախատեսէ Էլհան Շահինօղլու` ոչ կառավարական խորհրդատուական «Ատլաս» կեդրոնին տնօրէնը:
Կը թուի, թէ Ուաշինկթըն պատժամիջոցներու հանդէպ Պաքուի վերապահութիւնը լաւ նշան կը նկատէ: Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Ատամ Սթերլինկ 30 յունուարին լրագրողներուն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ «մնայուն կերպով կը խորհրդակցին Ազրպէյճանի հետ, եւ մենք կը հասկնանք Պաքուի յատուկ դիրքը» Իրանի հանդէպ:
Այս խօսքերը արձագանգեցին այն յայտարարութեան, որ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Էրիք Ռուպին: Արդարեւ, յունուարի կէսերուն, Իրանի հարցին շուրջը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ Պաքուի մէջ ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք, 19 յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուպին ըսաւ. «Ազրպէյճան մեզի հետ է»: Ան կ՛ակնարկէր միջազգային այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է արգիլել Իրանի, որպէսզի հիւլէական զէնք պատրաստէ:
Ցարդ, յստակ չէ, թէ Պաքու ինչպէ՛ս պիտի աջակցի Միացեալ Նահանգներու հաստատելիք պատժամիջոցներուն, բայց եւրոպական քարիւղի շուկաները (Թեհրանի տարեկան արտադրութեան 20 առ հարիւրը) յափշտակելու փորձ մը հաւանական բեմագրութիւններէն չի թուիր:
Ազրպէյճանի 42,5 միլիոն թոն քարիւղի արտադրութեան 55 առ հարիւրը 2011 թուականին Եւրոպա գնաց: Իտալիա, Չեխիա, Աւստրիա, Գերմանիա, Զուիցերիա եւ Եւրոպական Միութեան անդամ չեղող երկիրներ, հիմնական յաճախորդներն էին:
Արտադրութեան հիմնական մասը (78 առ հարիւր) կու գայ Կասպից ծովու հանքերէն, որոնք կ՛օգտագործուին Պի.Փի. (բրիտանական ընկ. Ա.) գլխաւորած ընկերակցութեան մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Ազրպէյճանի քարիւղի միջազգային ընկերութիւնը (ԱՔՄԸ) եւ ԱՀՔՊԸ: Ազրպէյճանական համախմբումը իր հանքավայրերէն կ՛արտահանէ երկրին տարեկան արտադրութեան 16 առ հարիւրը: Մնացեալը կու գայ աւելի փոքր քանի մը ընկերութիւններէ:
Մինչ Ազրպյէճան շեշտած է դէպի եւրոպական շուկաներ իր կազի արտադրութիւնը աւելցնելու մասին, քարիւղը տարբեր պատմութիւն է: Ազրպէյճան եթէ նոյնիսկ որոշէ իր քարիւղի արտադրութիւնը աւելցնել, որպէսզի առաւելութիւն ունենայ Եւրոպական Միութեան մէջ պահանջի հաւանական բարձրացումի պարագային, իր քարիւղի արտադրութիւնը առաւելագոյնին հասնելով, քիչ կարողութիւն մնացած է արտահանումը մեծցնելու կամ նոր շուկաներ որոնելու, ըսաւ Պաքու տեղակայուած քարիղի մասնագէտ Իլհամ Շապան:
Քարիւղի արտադրութեան մակարդակը 2011-ին նուազեցաւ 9 տոկոսով` հասնելով 45,4 միլիոն թոնի, 2010-ի տարեկան բարձրագոյն` 50 միլիոն թոնէն:
«Այս տարի, կառավարութիւնը կը նախատեսէ փոքր աճ մը, միայն` 1,3 առ հարիւր», ըսաւ Շապան:
«Ի տարբերութիւն Իրաքի… կամ Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի, որոնք նոյնպէս կրնան աւելցնել իրենց արտադրութիւնը, Ազրպէյճան չի կրնար, նոյնիսկ եթէ քարիւղի գինը լրջօրէն բարձրանայ եւ Եւրոպա յաւելեալ քարիւղի կարիք ունենայ: 2016-էն կամ 2017-էն ետք կ՛ակնկալուի, որ արդիւնքը նուազի», ըսաւ Շապան:
Տնտեսագէտ Նաթիք Ճաֆարլի համաձայն է Շապանի գնահատումին` նշելով, որ եթէ Ազրպէյճանի քարիւղի արտադրութիւնը իսկապէս նուազած է 2011-ին, երբ գիները բարձր էին, Իրանի դէմ այս տարի աւելի ուշ հաստատուելիք պատժամիջոցները քիչ կամ ոչ մէկ տարբերութիւն պիտի ընեն Ազրպէյճանի արտահանման կարողութեան համար:
«Ամէնէն շատ տուժած եւրոպական երկիրը Յունաստանն է, որ կը ներածէ Եւրոպա արտադրող Իրանի քարիւղին մէկ երրորդը: Բայց Յունաստանի սպառումը շատ բարձր չէ եւ կրնայ դիւրաւ փոխարինուիլ ազրպէյճանական, իրանեան, ռուսական կամ այլ քարիւղի պաշարներով», ըսաւ Ճաֆարլի, որ Պաքուի մէջ Տնտեսական պլոքըրներու ընկերութեան ղեկավարն է:
Յունաստանի տարեկան 2,5 միլիոն թոնի պահանջը «կարելի է դիւրաւ գոհացնել քարիւղ արտահանող որեւէ այլ մեծ երկրէ: Ազրպէյճան շատ քիչ բան պիտի շահի այդ պահանջը գոհացնելու առաջարկ ընելով: Քանի մը յաւելեալ քարիւղատար նաւերու հարց է», ըսաւ Ճաֆարլի:
Մինչ կը թուի, թէ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի մատակարարման առնչուած իր արտահանումի յաւելումի հաւանականութիւնը քիչ է, սակայն Ազրպէյճան կրնայ իբրեւ տարանցիկ երկիր օգտուիլ: Եթէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները գործեն, Կեդրոնական Ասիոյ Ղազախստան եւ Թիւրքմենստան երկիրները կրնան լրացնել այդ բացը: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, քարիւղի արտադրութիւնները կրնան կասպեան շրջանի տարածքէն Ազրպէյճանի վրայով փոխադրուիլ Վրաստանի սեւծովեան նաւահանգիստներ:
2011-ին Ազրպէյճան 53 միլիոն տոլար շահեցաւ Ղազախստանէն քարիւղի տարանցումէն 12 միլիոն տոլար` Թիւրքմենստանէն եկող քարիւղէն: Այս մասին կը նշուի Պետական վիճակագրական խորհուրդին հրապարակած տեղեկագիրին մէջ:
«Անշուշտ տարանցման եկամուտները շատ աւելի փոքր են իր սեփական քարիւղը արտադրելու շահէն, բայց, կրկին, ատիկա հնարաւորութիւն մըն է», ըսաւ Ճաֆարլի:
Թիւրքմենստան արտադրութեան ծրագիրը միշտ դժուար է նախատեսել: Ղազախստան, մինչ այդ, ոչ մէկ նշում ըրած է, թէ կրնայ աւելցնել արտադրութիւնը, եթէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները որդեգրուին:
2011-ին, սակայն, դեսպան Սերիք Փրիմպեթով յայտարարեց, որ այսպիսի քարիւղի մը Ազրպէյճանի վրայով տարանցումը մը չի նախատեսուիր 2016-էն կամ 2017-էն առաջ, երբ Ղազախստանի նաւթային մեծ դաշտէն արտահանումը սկսի:
ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ
«Եուրէյժիանեթ»

