ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԻՆԿՐԻՉԸ ԿԸ ՍԻՐԷ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ

Ո՞վ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահը:

Տասը ամիսէն մենք վերջնական պատասխան մը կ՛ունենանք, բայց ընտրանքները, տարբերակները աստիճանաբար աւելի յստակ կը դառնան: Ժողովրդավարական թեկնածուն ոչ այլ ոք է, քան նախագահ Պարաք Օպամա, որ պիտի առաջադրուի երկրորդ նստաշրջանի համար: Մրցումը հանրապետականներուն կողմն է. տարբեր յաւակնորդներ կը մրցակցին թեկնածութեան համար: Վերջին աստղը Նիութ Կինկրիչն է:

Ն. Կինկրիչ վերջնական, ծայրագոյն քաղաքական կարծր գործիչն է, որ իր հակառակորդներուն ծանր հարուածներ տալու նպատակով ամէնէն ուժգին բառերը կ՛օգտագործէ: Եւ բացի Օպամայէն, կը թուի, թէ երկու հիմնական թշնամիներ ունի. «ընկերվարութիւն» (որ աշխարհի այս մասին մէջ կրնայ բարեխնամ պետութիւն կոչուիլ), եւ աշխարհիկութիւն: Վերջինը մասնաւորաբար մեծ բնաբան մըն է Կինկրիչի քարոզարշաւին մէջ, որուն ընթացքին ան սովորաբար կը դատապարտէ «ամերիկեան ընտրանիին հակակրօնական մոլեռանդութիւնը», որ ըստ իրեն, բոլոր չարիքներուն արմատն է: Վերջերս արտասանած ճառի մը ընթացքին Կինկրիչ ըսաւ.

«Երկիր մը, որ 1963 թուականէն ի վեր անողոքաբար զբաղած է դատարաններու մէջ, հանրային կեանքէն Աստուած դուրս մղելով,  բնաւ պէտք չէ զարմանայ մեր ունեցած խնդիրներով: Իրականութեան մէջ մենք փորձած ենք ստեղծել աշխարհիկ երկիր մը, որ անկեղծօրէն կը խորհիմ, թէ մղձաւանջ մըն է»:

Իմ ընթերցողներս տեղեակ պէտք է ըլլան, որ ես ալ բաւական քննադատող եմ աշխարհիկութիւնը, երբ ատիկա իսկապէս կը վերաբերի «հանրային կեանքէն Աստուած դուրս մղելուն»: Փոխարէնը, ես կողմնակից եմ «աշխարհիկութեան», կամ չէզոք հասարակական մարզի մը, որուն մէջ ե՛ւ կրօնական, ե՛ւ ոչ կրօնական տեսակէտներն ու խորհրդանիշները կրնան ազատօրէն արտայայտուիլ, դրսեւորուիլ (լաչակը, քիփփան, խաչը եւ կարճ փէշը, օրինակ, պէտք է ազատ ըլլան):

Հետեւաբար ես պէտք է ըսեմ, որ աշխարհիկութեան դէմ Կինկրիչի որոշ քննադատութիւնները տրամաբանական կը թուին ինծի:

Թէեւ ինչ որ աւելի նուազ տրամաբանական է, Կինկրիչի հիացումն է Աթաթիւրքի, աշխարհի մեր մասին մէջ մեծագոյն եւ ամէնէն խստապահանջ աշխարհիկը:

Այս հիացումը երկար ատենէ կը շարունակուի: Կինկրիչ Աթաթիւրքն ու անոր քաղաքական ասպարէզը բազմիցս եւ անարգել գովաբանած է: Այդ պատճառով Ամերիկայի «Աթաթիւրք» միութիւնը 2006 թուականին Կինկրիչը պարգեւատրած է «Ղեկավարութեան մրցանակ» մետալով, «ի յիշատակ Աթաթիւրքի կտակի հրապարակման մէջ ունեցած իր ներդրումին»: (Միութիւնը նաեւ կը շնորհէ «Գիտութիւնը ուղեցոյց է», մրցանակը: Քեմալական դրականութեան արտայայտութիւնը դարձած այս փիլիսոփայութիւնը առկայ է կրքոտ, յարձակունակ աշխարհիկութեան հիմքին մէջ, որուն մասին Կինկրիչ կը դժգոհի):

Ուրիշներ նշած են այստեղի հակադրութիւն ալ. «Եթէ Կինկրիչ կ՛ուզէ Ամերիկան փրկել աշխարհիկութենէ, ինչո՞ւ իր հերոսը եւրոպական միակուսակցական պետութեան մը հիմնադիր` զինուորական աշխարհիկ մըն է», կը հարցնէ Հարուն Մողուլ, որ խմբագիրն է Կրօնական յղումներ կայքէջին:Կինկրիչ թերեւս կրնայ օր մը մեզ լուսաբանել իր այս հակասութեան տուն տուող պատճառներուն մասին:

Առայժմ ես կը կարծեմ, որ Կինկրիչի, եւ նոյն ձեւով մտածող ծայրայեղ-աջ հանրապետականներու հակաաշխարհիկութեան խաչակրութիւնը կ՛իմաստաւորուի միայն այն ատեն, երբ աշխարհիկութիւնը իրենց սեփական կրօնը թիրախ կը դարձնէ: Բայց երբ հարցը այլ կրօններն են, մասնաւորաբար` իսլամութիւնը, հնչերանգները կտրուկ կը փոխուին: Դուք կը սկսիք լսել Միացեալ Նահանգներու մէջ «շարիայի սողոսկումի» մասին խելագարութիւն եւ համակրանք` Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհիկ բռնատիրութիւններու:

Անշուշտ աշխարհի մէջ կան մոլեռանդ իսլամներ: Անոնք պէտք է մտահոգիչ ըլլան բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ խաղաղութեան: Բայց, լա՛ւ, այդպիսի հրեաներ եւ քրիստոնեաներ ալ կան, որոնք կամաւոր կը նուազեցնեն արաբներու եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան առիթը: Սակայն ո՛չ Կինկրիչ, ո՛չ ալ իր կողմնակիցները պիտի ողջունեն հրեայ-քրիստոնէական «Աթաթիւրք» մը այս խնդրով զբաղելու համար: (Անոնք, շատ հաւանաբար, ոչ մէկ խնդիր պիտի տեսնեն):

Բացայայտ երկակի չափանիշները կրնան օգնել Կինկրիչի քարոզարշաւին, որ երբեմն կու տայ մաքարթիականութեան նոր ձեւի մը տպաւորութիւնը, որուն մէջ համայնավարութենէն վախը փոխարինուած է իսլամներէն վախով:

Բայց ատիկա չ՛օգներ Միացեալ Նահանգներու (երկիր մը, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր կրօնական ազատութիւններու փարոս եղած է:

Միացեալ Նահանգներ որքան աւելի շարունակեն ազնուական ժառանգութիւնը, այնքան աւելի պիտի յարգուին իսլամներու կողմէ:

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԱՔԻՈԼ

(Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES