ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ` ՔԵՄԱԼԻՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Ընթերցողներս տեղեակ են, որ ես Թուրքիոյ մէջ ապրող որոշ մարդիկ Քեմալիստանի երեխաներ կ՛անուանեմ:
Այսօր ես կ՛ուզեմ խօսիլ Քեմալիստանի բնակիչ «քեմալներու» որոշ ստորոգելիներու մասին: Նոյնիսկ եթէ այս ստորոգելիներէն մաս մը հիմնուած է մասնակից դիտարկման վրայ: Մասնակից դիտորդի կամ ներքին հետախուզողի միջեւ նուրբ գիծը, իմ պարագայիս, աղօտած է: Այսպիսով, կրնայ ըլլալ, որ դուք այս դիտարկումները կարդաք նաեւ իբրեւ անկեղծ խոստովանութիւն:
Քեմալ մը ամէն բանէ առաջ եւ հիմնականին մէջ ազգայնական մըն է: Բայց այդ մասին չսխալիք, մենք նաեւ ունինք քիւրտ քեմալներ: Ուրեմն, քեմալ մը կրնայ ազգութեամբ կա՛մ քիւրտ ըլլալ, կա՛մ թուրք: Քեմալի ազգայնականութիւնը կրնայ ըլլալ երկու ուշագրաւ, երեւելի ձեւերով. թափանցիկ ազգայնականութիւն եւ թաքուն ազգայնականութիւն:
Մինչ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ) մարդիկը` ուլուսալճիլար, եւ ինքնահռչակ քեմալականները թափանցիկօրէն ազգայնական են, օրինապահ իսլամներու մեծամասնութիւնը թաքուն ազգայնամոլներ են, որոնք կ՛ուզեն շեշտել, թէ իսլամութիւնը թշնամի է, կը հակառակի ազգայնականութեան: Սակայն, երբ որոշակի խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու կը բախի, կրօնական քեմալ մը դիւրութեամբ կը խօսի իր մեծ ազգին մասին եւ պիտի չընդունի այն փաստը, իրողութիւնը, որ իր նախահայրերէն ոմանք ընկերաքաղաքական մեղաւորներ են: Որոշ կեղծ ձախակողմեաններ, ինչպիսիք են Հանրապետական ժողովուրդին կուսակցութեան (ՀԺԿ) մարդիկը, նոյնպէս թաքուն ազգայնամոլներ են: Արտասահմանի մէջ ՀԺԿ անդամ է Միջազգային ընկերվարականին, մինչ հայրենիքին մէջ կը գործէ ազգայնամոլ տրամաբանութեամբ:
Քեմալ մը իր առօրեայ կեանքին մէջ շատ հաւանաբար գործադրէ կրկնակի արժեչափեր: Քեմալ մը տակաւին չէ յայտնաբերած զգացումները ուրիշներու հետ կիսելու արժանիքները, եւ իր եսակեդրոն կեանքը կը թաւալի իր մեծ եսին շուրջը: Քեմալական փետուրի այս թռչունները քեմալակեդրոն են, եւ այդպիսով նոյնիսկ չեն հարցներ, թէ Քեմալիստանը արդեօք աշխարհի կեդրո՞նն է: Աստուծոյ այս շնորհով, օրհնութեամբ` ինքնավստահ Քեմալիստանի բազմաթիւ թերթեր, օտար լուրերու յատկացուած էջեր իսկ չունին: Քանի որ Քեմալիստան շատ արժէքաւոր է, քեմալ մը վստահ է, որ ամէն ոք կը նախանձի Քեմալիստանի եւ այդպիսով ինք կատարելապէս համոզուած է, գիտակից է, որ ոչ միայն Քեմալիստանի դրացիները, այլեւ նոյնիսկ սկանտինաւիացիները մնայուն կերպով կը զբաղին հակաքեմալիստանեան գործունէութեամբ: Քոփենհակընեան չափանիշը նշելի կէտ է:
Ոչ բոլոր քեմալները Աստուծոյ կը հաւատան, բայց գրեթէ բոլոր քեմալները անխախտ կը հաւատան, որ իրենք ծնունդով զինուորներ են: Իրենք չեն սիրեր զինուորականներու հարցումներ ուղղել կամ քննադատել զանոնք, եւ իրենց ռազմատենչ աչքերը չեն տեսներ, թէ իրենց զինուորականութիւնը ի՛նչ դժոխային սխալի մէջ է:
Քեմալ մը պետականութեան պաշտպան է: Կրկին, երկու տեսակներ կան, թափանցիկ եւ թաքուն: Քեմալիստանի պետութիւնը սուրբ է: Ոչ մէկ սխալ կ՛ընէ: Անոր պետական պաշտօնեաներէն ոմանք կրնան սխալներ գործել, բայց երբ կը հետաքննուին, կը խուզարկուին, կը բացայայտուի, որ այս կեղծ քեմալները իրականութեան մէջ ծածուկ, ծպտեալ հրեաներ, կամ ծպտեալ հայեր են: Իսկական զտարիւն քեմալը անսխլական է: Ուրեմն, քեմալ մը բնաւ պարտաւոր չի զգար ներում հայցելու: Քանի որ պետութիւնը սուրբ է, նոյնիսկ ամէնէն արմատական, եւ հակավարչակարգային քեմալները միշտ կ՛երազեն օր մը պետութիւնը յափշտակել: Այդ պատճառով պահպանողական ժողովրդավար մը պիտի տատամսի գործադրելու աշխարհի վրայ հրէական ամէնէն մեծ դաւադրութիւնները, իմա` Քոփենհակընի չափանիշներն ու Եւրոպական Միութեան ընկալումները, կամ` պատրաստելու ազատական-ժողովրդավարական նոր սահմանադրութիւն մը: Գորշ գայլ քեմալը եւ Քըլըճտարօղլու քեմալը` ընդդիմութեան մէջ, մարտահրաւէր պիտի չուղղեն պահպանողական ժողովրդավար քեմալին, որպէսզի սահմանափակէ ամենակարող պետութիւնը, որ կ՛երազեն օր մը յափշտակել եւ գործ ունենալ կրօնական քեմալներու, ինչպէս նաեւ անոնց ազատական քեմալ եւ ոչ քեմալ կողմնակիցներուն հետ:
Էրկենեքոնեան քեմալները կը տառապին քառապատկուած տգիտութենէ: Առաջին, ան չի գիտեր: Երկրորդ, ան չի գիտեր, որ ինք չի գիտեր: Երրորդ, ան կը կարծէ, թէ գիտէ: Չորրորդ, ան պատրաստ է ձեզ սպաննելու, պարզապէս որովետեւ դուք չէք «գիտեր», թէ ինք ի՛նչ «գիտէ»: Թէեւ անոնք ազգայնամոլներ են, սակայն գրեթէ բոլոր քեմալները ստորակայութեան բարդոյթ մը ունին, երբ խօսքը Արեւմուտքի կը վերաբերի: Արեւմտականացած քեմալները, յատկապէս, ոչ միայն ստորակայութեան բարդոյթ ունին, այլեւ` օտիփուսեան բարդոյթ, երբ խօսքը կը վերաբերի իրենց ապրելակերպի հիմնադիրներուն: Ես արեւմուտքցիները գաղափարական հայրեր պիտի չկոչէի, որովհետեւ քեմալի մը մէկ այլ արժանիքն ալ ինքնակարգապահութեան բացակայութիւնն է: Ան հաւանաբար չի կրնար իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել կամ կառչիլ լաւ ձեւակերպուած եւ արտասանուած Ուելթանսչօօնկին աշխարհիս ընկալում, Ա.): Քեմալները այս առումով յետարդիական են: Իրենց համար ամէն ինչ կ՛ըլլայ, նոյնն է, պայմանաւ որ հնարաւորութիւններու պատուհանները բաց ըլլան:
Քեմալիստանի քեմալները այնքան նախապաշարուած, մտատանջուած են իրենք իրենցմով, որ կը ձախողին տեսնել, թէ մոլորակին վրայ առանձին չեն, բայց որ իրենք տարբեր ձեւի եւ գոյնի բազմաթիւ զարմիկներ ունին, եւ որ իրենք կրնան դիւրութեամբ կազմել, ձեւաւորել, աշխարհի վրայ ամէնէն բազմամարդ անցումային գոյացութիւնը:
ԻՀՍԱՆ ԵԼՄԱԶ
«Թուտէյզ Զաման»

