«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Փետրուար ամսուան սկիզբը արդէն իսկ թարմացած էր «Ազդակ»-ի կայքէջի արաբերէն բաժինը` թէ՛ լուրերու եւ թէ՛ վերլուծական յօդուածներու առումով:

Լուրերու կարգին տեղ գտած են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ լիբանանեան քաղաքական եւ հոգեւոր տարբեր անձնաւորութիւններու տրուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ ընդունուած հիւրերը, քննարկուած հարցերն ու կատարուած յայտարարութիւնները: Լրատուութիւն կատարուած է Հայկազեան համալսարանին մէջ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնադրութեան, Երուսաղէմի հայկական թաղամասերուն մէջ հրէական առեւտրական  կեդրոնի մը բացման ծրագիրին, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ռազմական համագործակցութեան կնքման մասին:

Հարցազրոյցներու կարգին կը կարդանք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի տուած հարցազրոյցը` «Նաշրա» կայքէջին, «Ինթկատ» թերթին հարցազրոյցը Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հետ, ինչպէս նաեւ կը կարդանք Գահիրէի հայ կաթողիկէ առաջնորդին տարեկան պատգամը:

«Կիզակէտ» բաժինին մէջ տեղ գտած են Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին առնչուող վերջին զարգացումները` Սահմանադրական դատարան դիմելու պահանջը ֆրանսացի խորհրդարանականներու եւ ծերակուտականներու կողմէ, ինչպէս նաեւ` այս առնչութեամբ Ֆրանսայի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները:

Այս բաժինին մէջ տեղ գտած են նաեւ արաբական մամուլի արձագանգները` այս օրինագիծին եւ անոր առնչուող մանրամասնութիւններուն մասին:

Յօդուածներու կարգին կը կարդանք հայկական բանակի 20-ամեակին նուիրուած «Ազդակ»-ի խմբագրականը, Պանտա Եուսուֆի կողմէ «Ռուիա» թերթին մէջ ստորագրուած յօդուածը, որ կը կրէ` «Հայկական հարցը` Թուրքիոյ գլխացաւ» խորագիրը:

«Ազդակ»-ի կայքէջի արաբերէն բաժինին մէջ կը կարդանք նաեւ քիւրտ պատմաբանի մը կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը այն մասին, որ 1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, ամերիկացի գրողի մը այն կեցուածքը, թէ կը մերժէ Թուրքիա այցելել` իբրեւ բողոք Թուրքիոյ քաղաքականութեան եւ այլն:

Share this Article
CATEGORIES