ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ. ԱՆԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳ (Բ.)
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
Աշակերտներու կանուխ տարիքէն դպրոց լքելու երեւոյթը, մատի վրայ հաշուած իւրաքանչիւր դպրոցէ, սաղմնային վիճակի մէջ իսկ մեզ պէտք է մտահոգէ, որովհետեւ այսօրուան կարգ մը անգիտակից ծնողներուն պիտի յաջորդէ սերունդ մը, որ դպրոցի ընդհանուր մթնոլորտէն շատ հեռու, հասակ առած պիտի ըլլայ անյարիր միջավայրի մէջ:
Նորութիւն չէ, որ խճողուած են կրթական ծրագրերը: Այդպէս էր անցեալին ալ, սակայն գիտակից ծնողներու հեղինակութիւնն ու հսկողութիւնը, կ՛օժանդակէին սահմանափակելու այլ ընտրանքի հաւանականութիւնները: Նախ դաս էր, ապա` քիչ մը ուրիշ բան: Այսօր բազում այլ հետաքրքրութիւններու առկայութեամբ, «նախ դասը» նոյն ընդհանրացումը չունի:
Անցեալին նիւթական դժուարութիւնները, դժբախտութիւնները յաճ ախ պատճառ կը դառնային, որ կանուխ տարիքէն աշակերտներ ստիպողութեան տակ ըլլային, ընտանեկան բարօր կեանք մը ապահովելու պատրաւորութեամբ, լուռ ու մունջ հեռանան դպրոցէն: Այսօր կարելի բոլոր միջոցները ի գործ կը դրուին` օժանդակելու ծնողներուն: Դպրոցական կրթաթոշակի զեղչեր, ֆոնտերու, միութիւններու կրթանպաստներ` մեծապէս կը նպաստեն ծնողներու նիւթական պարտաւորութիւններու բեռը թեթեւցնելու:
Անառարկելի է, որ մանուկին բացարձակ իրաւունքն է, ամէն բանէ առաջ, յատկապէս այս դարուն, ուսում ստանալը, բայց եւ այնպէս կը հանդիպինք տղոց, որոնք կանուխ տարիքէն թաթխուած են մանր-մունր աշխատանքներու մէջ, որոնց ապագան, մասնագիտական այս դարուն, այնքան ալ փայլուն չի թուիր ըլլալ:
Անոնք իրենց շահածը յաճախ կ՛օգտագործեն անձնական կարիքներու բաւարարութեան համար, եթէ բաւէ: Արժանապատուութեան զգացողութիւնը փոխարինուած է նիւթական անհրաժեշտութիւններու ապահովումով:
Իրականութիւն է, որ ամենահրաշալի ուսուցիչն իսկ, հետաքրքրական, կենդանի դասէ մը ետք, գրաւ չի կրնար դնել, որ աշակերտը առանց տնային աշխատանքի, ակնկալուած արդիւնքը կրնայ տալ: Աշակերտներուն մէջ չաշխատելու, չյոգնելու ախտագին երեւոյթ մը, առաւել կամ նուազ չափերով, հետզհետէ կը զարգանայ: Մեծաւ մասամբ կանուխ տարիքէն դպրոց լքողները չունին տագնապը չկարենալ ըմբռնելու: Պարզապէս չեն հետաքրքրուած, չեն ուզեր աշխատիլ:
Ընկերային ծառայողը ընտանեկան մթնոլորտը իբրեւ պատճառ կրնայ ներկայացնել: Մանկավարժը կրնայ մատնանշել կրթական ծրագրերու անհարթութիւնները: Դարու դիւրինին, հաճելիին հրապոյրը կրնան հաստատել ուրիշներ, բայց ինչ ալ ըլլան պատճառները, չեն արդարացներ երկու մեղքեր, որոնց հետեւանքները պիտի կրենք ուշ կամ կանուխ:
Առաջինը` յատկապէս համեստ խաւի ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, հետզհետէ շեշտուող, ուսման հանդէպ երբեմնի ակնածանքի սահմաններուն հասնող զգացողութեան բացակայութիւնն է: Կարգախօս դարձած է` «Ապրելու համար ամէն բանէ առաջ նիւթական պէտք է ունենալ»-ը: Բարձրագոյն վկայական ստանա՞լ, բանիմա՞ց դառնալ, այնքան կարեւոր չեն, որքան` վարկ հաստատելը նիւթական կարողականութեամբ: Նոյն մտածողութեան հարազատ դրսեւորումն է նաեւ զաւակը օտար դպրոց վստահելու երեւոյթը: Կարեւորը գործնապաշտ պատրաստութիւն մը ապահովելն է, մնացեալը` «փոր չի կշտացներ»:
Երկրորդ մեղքը` աշխատելու, աշխատասիրութեան նահանջն է: «Քարէն հաց կը հանէին» մեզ կանխողները: Զուրկ ցեղային հարստութիւն աշխատասիրութենէ` պիտի աճի թիւը կիսամիջոցներով ապրողներուն, որոնք դժուար թէ ինքնաբաւ դառնան, ալ ո՛ւր մնաց` ուրիշին օգտակար ըլլալ:

