ՆՇՄԱՐ. ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ, ՏԻԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ
ՆՈՐԱ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ, անպայման որ հայութեան համար քաղաքական յաղթանակ մը եղաւ (անշուշտ` նախագահ Սարքոզիի ստորագրութեան նախապայմանով), կրնայ ըլլալ, որ աշխարհի չորս կողմը ցրուած հայութեան մէջ բարոյական իմաստով հատուցուած-արդարացուած ըլլալու զգացումը յառաջացուց, նաեւ միասնական ոգիով հպարտանալու առիթ մը եղաւ. իսկ Թուրքիոյ համար վստահաբար դարձաւ աչքի փուշ, թրքական քաղաքական ղեկավարութեան մէջ յառաջացուց լարուածութիւն ու իրարանցում, ինչ որ արդէն ակնկալելի էր: Բարձրագոյն ղեկավարներու բերաններէն ու մամուլէն նորէն թոյն թափեցաւ Ֆրանսայի դէմ: Տնտեսական «պատիժներ» տնօրինելու, դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու, երկու երկիրներուն միջեւ գործառնութիւնները կասեցնելու, ֆրանսական արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու եւ այս կարգի սպառնալիքներու հեղեղով օրինագիծը խափանելու փորձերը ցոյց տուին, որ շուարումի մատնուած է թրքական պետութիւնը:
Կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը ժողովրդավար ընկերութեան հիմնական տուեալն է, միաժամանակ` ուժը: Ժողովրդավար գաղափարներու հաւատարիմ քաղաքացին հաւանաբար շփոթի մէջ գտնուի նմանօրինակ օրէնքներու արդարացիութեան նկատմամբ: Ճի՞շդ է արդեօք պատիժ տնօրինել մարդոց, որոնք ազատօրէն իրենց կարծիքը կ՛ուզեն յայտնել: Սակայն խնդիրը նոյնը չէ այս պարագային : Մարդկութեան դէմ եւ մարդկութիւնը վիրաւորող քստմնելի արարքի մը պատմական իրողութիւնը ժխտել` չի նշանակեր կարծիք յայտնել, այլ կը նշանակէ պատմական դէպքերը խեղաթիւրել, երբ մանաւանդ ցեղասպանութեան զոհերը իրենք ընդմիշտ ,անզօրութեանե մէջ են, որպէսզի կարենան իրենց համար արդարութիւն պահանջել: Ազատ արտայայտութիւնը չէ ուրեմն, որ կը կաշկանդուի, այլ պատմական ճշմարտութիւնը եւ զոհերուն իրաւունքը որոշ ձեւով կը պաշտպանուի: Ասիկա կը նմանի օրինակի համար, մամլոյ ազատութեան արժէքին եւ այդ արժէքը չարաչար շահագործողներուն: Մամլոյ ազատութիւնը ժողովրդավար ընկերութեան մէջ հիմնական տուեալ է: Մամլոյ գերագոյն պարտաւորութիւնն է հանրութիւնը տեղեկացնել` բացայայտելով դէպքերն ու եղելութիւնները ճշմարտութեամբ: Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է դիրքաւորուիլ «դեղին» մամուլի դէմ, որ քաղաքական-տնտեսական անխոստովանելի շահեր հետապնդելով` դէպքեր ու եղելութիւններ կը խեղաթիւրէ, հանրային կարծիքը շեղելով ճշմարտութենէն: Պէ՞տք է զայն կասեցնել, թէ՞ ոչ: Ուրեմն, այս օրինագիծը առաջքը կ՛առնէ նաեւ դեղին մամուլին եւ իրենք զիրենք ծախու հանած պատմաբաններու, որպէսզի անոնք յանուն խօսքի ազատութեան, բայց իսկութեան մէջ կաշառքով չկարենան թաղել պատմութեան ճշմարտութիւնը:
Կ՛արժէ յատուկ ընդգծումով արձանագրել, որ օրինագիծին հեղինակը եւ զայն ծերակոյտին ներկայացնողը քաղաքական կին մըն է` 2007-էն ի վեր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ եւ երեք զաւակներու մայր` Վալերի Պուայէն:
Վալերի Պուայէն Ֆրանսայի մէջ առաջին անգամ մամուլին ուշադրութիւնը գրաւեց եւ ժողովրդային ճանաչողութեան արժանացաւ, երբ ծանուցումներուն մէջ ներկայացուող ծայրայեղօրէն նիհար կին «մոտել»-ներու նկարներուն դէմ օրինագիծ մը առաջարկեց: Նաեւ յաջողեցաւ կարգ մը որոշումներ կայացնել տալ իր երկրի խորհրդարանին մէջ` առողջութեան վերաբերեալ կենսաբարոյական հարցերու մասին:
Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը ներկայացնելուն համար Պուայէի վրայ բանեցուեցան խիստ ճնշումներ. ան թիրախ դարձաւ թրքական սպառնալիքներու, նոյնիսկ իր անձին ու ընտանիքին դէմ, եւ համացանցի վրայ իր կայքէջը թուրքերու կողմէ «յարձակումի» ենթարկուեցաւ ու խանգարուեցաւ: Ասով հանդերձ, Վալերի Պուայէ քաջաբար իր նախաձեռնութեան տէր կանգնեցաւ ու ետքայլ չըրաւ: Թերեւս ունէր նաեւ կուսակցական ու քաղաքական որոշ հաշիւներ, որոնք միշտ ի զօրու են քաղաքական կեանքին մէջ, սակայն անոնք երբեք ստուեր չեն ձգեր արդարութեան համար պայքարող իր անձին վրայ: Ահա թէ ինչո՛ւ օրինագիծի քուէարկութենէն ետք, յայտնօրէն յուզուած, յայտարարեց. «Այսօր յաղթեց մարդկային արժանապատուութիւնը»:
Ահաւասիկ անգամ մը եւս կնոջական զգայնութիւնն ու վճռակամութիւնը օրինակելի դաս մը հանդիսացան հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ եւ չխաբուեցան խաղերէ, կաշառքներէ ու սպառնալիքներէ:
Մեր կողմէն` «Երախտապարտութիւն» եւ վարձքը կատար, տիկին երեսփոխանին»:

