ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ` 2-1
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ-Անթիլիաս (ներկայացուցչական) երրորդ մրցումը` Ռիատիի դաշտին վրայ (Մանարա):
Հիւրընկալ կազմը տեղի ունեցած առաջին մրցումին նման յաղթանակ մը եւս արձանագրելով 2-1 արդիւնքով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը: Անիկա յաղթական դուրս եկաւ 65-59 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով` 15-21, 22-20, 7-13 եւ 21-5:
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 1 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական