ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻՆ
Կիրակի, 27 մարտ 2011-ին, հալէպահայ գաղութը իր աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ազգային միասնականութեան պահպանումին, ազգային հիւսուածքի համերաշխութեան: Հազարաւոր հալէպահայեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի բարենորոգչական հրամանագիրներուն, քայլարշաւ մը կատարեցին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան դիմացէն դէպի Հալէպի տարբեր թաղամասեր, առաջնորդուելով հայրենասիրական զգացումներով ու քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ:
Իբրեւ սուրիական հայրենիքի հաւատարիմ քաղաքացիներ ու Սուրիոյ ներքին անդորրութեան սպառնացողներուն դէմ կանգնող զգօն տարրեր, հալէպահայեր խիտ շարքերով, հայրենասիրական երգերով տողանցեցին արձակեցին «Կեցցէ՛ նախագահը, օրհնեա՛լ մնայ սուրիական հայրենիքը» կարգախօսները:
Սուրիան դարերու ընթացքին եղած է տարբեր մշակոյթներու, կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու բնօրրանն ու խաղաղ գոյակցութեան խորհրդանիշը եւ պիտի մնայ այն եզակի օրինակը, որուն օրհնեալ հողին վրայ պիտի շարունակէ ծաղկիլ ազգային միասնականութիւնը:
ՅԱՏՈՒԿ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ