ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՆՈՐ ԸՆԹԱՑՔ ՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Իր խօսքը ուղղելով միջեկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց միջեկեղեցական շարժումին նոր ընթացք, նոր շեշտ եւ արտայայտութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նախ յիշեցուց ներկաներուն, թէ երեք հիմնական իրողութիւններ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, երբ կը խօսուի էքիւմենիք շարժումին մասին. «ա) էքիւմենիք շարժումը մէկ է, հակառակ անոր ունեցած տարբեր արտայայտութիւններուն: բ) Եկեղեցւոյ ինքնաճանաչման ու ինքնաարտայայտութեան տարածքները իբրեւ մէկ ամբողջութիւն առանցքային ներկայութիւն պէտք է դառնան էքիւմենիք շարժումին մէջ: գ) Էքիւմենիք շարժումը ոչ կառոյց է եւ ոչ ծրագիր, այլ մնայուն ընթացք մըն է, որ կը ստանայ տարբեր արտայայտութիւն ու շեշտ` համահունչ ու յարափոփոխ պայմաններուն»:
Այս ներածական բաժինէն ետք, վեհափառը խօսեցաւ երեք երեւոյթներու մասին, որոնք կը յատկանշեն ներկայ էքիւմենիք շարժումը. «եկեղեցակեդրոնէն դէպի ժողովրդակեդրոն էքիւմենիզմ. բազմաեկեղեցական մասնակցութենէ դէպի դաւանակից եկեղեցիներու էքիւմենիզմ. համատիեզերական էքիւմենիզմէն դէպի շրջանային ու տեղական էքիւմենիզմ»: Այս երեւոյթներուն դրդապատճառներուն ու անոնց դրական թէ բացասական հետեւանքներուն լայնօրէն անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` յիշեցնելով, թէ «էքիւմենիք շարժումը այս բոլոր տարածքներուն ու արտայայտութիւններուն երկխօսութեան շրջագիծը հանդիսացած է: Հետեւաբար, մէկուն շեշտաւորումը` ի վնաս միւսին, կրնայ հարցականի տակ առնել իւրայատկութիւնը եւ նպատակը էքիւմենիք շարժումին»:
Նկատի ունենալով, որ համագումարին գլխաւոր նիւթը «քոնսիլիարիթի»-ն է, իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառը խօսեցաւ ժողովական (քոնսիլիարիթի) էքիւմենիզմի մասին: Ան յիշեցուց, որ քոնսիլիարիթին եկեղեցւոյ էութեան մաս կը կազմէ, որովհետեւ եկեղեցին իբրեւ համայնք կարիքը ունի փոխյարաբերութեան, խորհրդակցութեան ու որոշում գոյացնող կառոյցներու: Վեհափառը ընդհանուր աստուածաբանական վերլուծում մը կատարեց քոնսիլիարիթիի մասին եւ ապա ընդհանուր գիծերով պարզեց 1968-էն մինչեւ 1990 թուական միջեկեղեցական ժողովներու կատարած քննարկումներուն յատկանշական կէտերը քոնսիլիարիթիին մասին: Ապա իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը շեշտեց, որ էքիւմենիք շարժումին առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ զարգացնել այնպիսի ժողովական դրութիւն մը եկեղեցիներուն միջեւ, ուր պահուի զանազանութիւնը` միաժամանակ ամրապնդելով հասարակաց սկզբունքներն ու արժէքները, որոնք հիմքը կը կազմեն եկեղեցւոյ միութեան:
Վեհափառին խօսքէն ետք խօսք առաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թուէյթ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին երկար տարիներու իր ունեցած փորձառութենէն եկող մտածումները ընդհանուր քարտուղարներուն հետ բաժնելուն համար:
Յայտնենք, որ քառասունէ աւելի միջեկեղեցական շրջանային թէ ազգային խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարները կը մասնակցին ներկայ համագումարին:


