ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒՄ-2012 ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

2012 թուականին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ արտասահմանեան երկիրներու մէջ գործող հայկական կրթօճախներու մէջ դասաւանդող հայագիտական առարկաներու ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, ուսումնական մասի տեսուչներուն վերապատրաստման ծրագիրը:

Վերապատրաստումը պիտի ընթանայ Հայաստանի մէջ` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ հաստատուած հետեւեալ 6 միամսեայ ծրագիրներով.

– Ուսուցում մանկապարտէզի մէջ:
– Ուսուցում կիրակնօրեայ դպրոցի մէջ:
– Տարրական ուսուցում:
– Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը միջին եւ աւագ դպրոցի մէջ:
– Դպրոցներու կառավարում:
– Լրացուցիչ կրթութեան` արտադասարանային դաստիարակութեան կազմակերպում:

Դասընթացքները աւարտած ուսուցիչներուն կը տրամադրուին համապատասխան վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ ուսումնամեթոտական գրականութիւն, դասագիրքեր եւ այլ նիւթեր:

Ծրագիրի ընթացքին դասընթացքներու կազմակերպման, ուսուցիչներու կեցութեան եւ շրջագայութեան ծախսերը, ծրագիրի բացման օրուընէ մինչեւ փակման օրը, կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ճանապարհածախսը, ներառեալ` օդակայանէն մինչեւ պանդոկ եւ Հայաստան մուտքի արտօնագիրի ծախսերը կը հոգան մասնակիցները կամ համապատասխան կազմակերպութիւնները, կրթօճախները, բարերարները:

Հայաստան մուտքի օրը կը նկատուի ծրագիրի սկիզբի օրը` 9 յուլիսը: Այն պանդոկի հասցէն, ուր պէտք է ժամանեն մասնակիցները, կը փոխանցուի աւելի ուշ:

Մասնակիցներուն կ՛ընձեռուի կարելիութիւն նոյն պանդոկին մէջ մնալու Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համար սահմանուած զեղչուած գիներով` 8 յուլիսէն աւելի կանուխ ժամանելու եւ 7 օգոստոսէն աւելի ուշ մեկնելու պարագային:

Ծրագիրին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ 4 յունիս ներառեալ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն ներկայացնել.

1.- Ուսուցիչի կողմէ լրացուած եւ կրթօճախի տնօրէնութեան կողմէ վաւերացուած դիմումը:
2.- Համայնքի, հաստատութեան կամ կազմակերպութեան կողմէ տրուած գործուղման տեղեկանք:

Մասնակցելու նախապատուութիւնը պիտի տրուի Հայաստան առաջին անգամ ժամանող եւ վերջին երեք տարիներուն վերապատրաստում չանցած ուսուցիչներուն: Մասնակցութեան պաշտօնական հաստատումները ուսուցիչները կը ստանան իրենց ելեկտրոնային հասցէով 4-18 յունիս ինկած ժամանակահատուածին: Պաշտօնական հրաւէր նամակի անհրաժեշտութեան պարագային` կը խնդրենք զգուշացնել նախապէս:

Մասնակիցներուն համար նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ, ճանաչողական-ուսուցողական շրջապտոյտներ եւ մշակութային ծրագիր:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժանմունքէն, հեռ. 374 10 58-13-91, ֆաքս. 374 10 52-52-07, ե-նամակ. [email protected]:

Share this Article
CATEGORIES