ՎԱՇԱԾԷ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ. ՋԱՒԱԽՔԻ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ
Վերջերս Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ արտայայտած է այն միտքը, որ Վրաստան պատրաստ է դառնալու դաշնակցային պետութիւն եւ «Եւրոպական ինքնավարութեան բարձր աստիճան տալու իր գրաւուած շրջաններուն, որոնք շուտով պիտի ըլլան ազատ եւ ներառուած ինքնիշխան Վրաստանի տարածքին մէջ»:
Սամցխէ – Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը իր 2 փետրուար 2012-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ ողջունած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարին այս միտքը, առաւել եւս, որ նման կեցուածք արտայայտած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն:
Խորհուրդը անընդհատ անդրադարձած է այդ հարցին եւ անոր կողմէ կազմակերպուած բազմաթիւ համաժողովներուն եւ խորհրդաժողովներուն ընթացքին ընդունուած են գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ որոշումներ` որ Վրաստանի փրկութիւնը դաշնակցային կառուցաձեւ ունենալն է, որ նաեւ նախատեսուած է Վրաստանի գործող սահմանադրութեան մէջ:
Խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Վրաստանի դաշնակցային, ժողովրդավարական կառուցաձեւ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին իրենց դրական կարծիքները յայտնած են տարբեր երկիրներու, որոնց շարքին նաեւ Վրաստանի բազում յառաջադէմ քաղաքական, պետական, հասարակական գործիչներ, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս ամէնը հիմք ընդունելով Սամցխէ – Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը կը դիմէ Վրաստանի բարձրագոյն իշխանութեան, որ Վրաստանէն իրենց անկախութիւնը հռչակած շրջաններուն նման «Եւրոպական ինքնավարութեան բարձր աստիճան» տրամադրելու կեցուածքը համոզիչ դարձնելու ամէնէն կարճ եւ իրական ճամբան նման կարգավիճակ Սամցխէ – Ջաւախք մեծամասնութեամբ հայաբնակ տարածքին տալն է:

