ԱԼԻԵՒ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ՈՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԵՐԲԵՔ «ՈՒԺԻ ՄԷՋ ՉՄՏՆԷ»
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երկուշաբթի օր ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Պաքու գտնուող Ֆրանսայի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ֆրանսա-Կովկաս բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի փոխնախագահ, Ազրպէյճան-Ֆրանսա աշխատանքային խմբակի ղեկավար ծերակուտական Նաթալի Կուլէ:
Հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին: Ան Կուլէի եւ օրինագիծին դէմ քուէարկած միւս ծերակուտականներուն շնորհակալութիւն յայտնած է «արդար դիրքորոշում արտայայտելնուն համար»:
Ազրպէյճանի նախագահը աւելցուցած է, որ այդ օրինագիծը կը հակասէ խօսքի ազատութեան ու ժողովրդավարութեան, եւ յոյս յայտնած է, որ անիկա երբեք «ուժի մէջ չմտնէ»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մինչեւ 1 մարտ օրինագիծին առնչութեամբ քննարկումներ պիտի կատարէ:


