ԱՆԳԱՐԱ ՊԱՂԸՇԻ ՇՈՒՐՋ «ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ» ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Էկեմեն Պաղըշ

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռէյնունտք Քունցը կանչած է եւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի շուրջ հետաքննութեան հարցով բացատրութիւններ պահանջած:

Սինիրլիօղլու Քունցին յայտնած է, որ այդ մէկը «անընդունելի» զարգացում մըն է:

Զուիցերիական «Նէօ Ցիւրիխըր Ցայթունկ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Զուիցերիոյ հայ համայնքէն ստացուած բողոքագիրի մը հիմամբ Ցիւրիխի աւագ դատախազի գրասենեակը Պաղըշի` Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտարարութեան շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած է:

Պաղըշի մամլոյ քարտուղար Ճիհանկիր Շահին յայտնեց, որ թուրք նախարարը նախքան դատախազին կողմէ նախնական հետաքննութեան աւարտը այս հարցին շուրջ յայտարարութիւն պիտի չկատարէ: Սակայն Պաղըշ երէկ Պրիւքսել մեկնելէ առաջ նշեց, որ զուիցերիացի դատախազը իր շուրջ հետաքննութիւն կատարելով ժամանակ պէտք չէ վատնէ:

«Անշուշտ, ասիկա տակաւին նախնական հետաքննութիւն է: Պաշտօնապէս ինծի տակաւին որեւէ գրութիւն չէ եկած: Ես ալ այդ մասին տեղեկացած եմ լրատուամիջոցներէն: Ցիւրիխի գլխաւոր դատախազը թող ժամանակ չկորսնցնէ քննելու համար, թէ ես ատիկա ըսա՞ծ եմ, թէ՞ ոչ: Ես Ցիւրիխի մէջ ըսի, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն: Եւ, այսօր այստեղ կը կրկնեմ զայն եւ խօսքս փաստաթուղթերու ու արխիւներու վրայ հիմնուած է: Հիմա ալ կը յայտարարեմ, որ Զուիցերիա կատարելիք իմ այցելութիւններուս ժամանակ եթէ նոյն հարցումը տան, ես նոյն ձեւով պիտի պատասխանեմ: Ըստ եւրոպական օրէնքներուն, մարդը ազատ արտայայտուելու իրաւունք ունի: Բացի ատկէ, ես չեմ ճանչնար ուժ մը, որ պիտի կարենայ ձերբակալել Թուրքիոյ հանրապետութեան ոեւէ նախարար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ պատմութիւնը միշտ ալ աւելի մաքուր է, քան անոնցը, որոնք կը համարձակին Թուրքիան հարցաքննել:

«Ոչ ոք պէտք է փորձէ մեզի մարդկային իրաւանց, ազատ արտայայտութեան կամ անցեալին ապրուած ցաւերու մասին դասեր տալ», յայտնեց թուրք նախարարը:

Պաղըշ ընդգծեց, որ Թուրքիա ոչ մէկ տատամսում կամ մտահոգութիւն ունի եւ իր երկիրը այդպիսի նախաձեռնութիւնները գոյութիւն չունեցող կը նկատէ: Թուրք նախարարը Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Բրիտանիոյ կոչ ուղղեց իրենց արխիւները բանալու, ինչպէս նաեւ բոլոր պատմաբաններէն խնդրեց Հայոց ցեղասպանութեան հարցին շուրջ ակադեմական ուսումնասիրութիւններ կատարել: «Անկէ ետք մենք` քաղաքագէտներս, կրնանք պատմութեան մասին զեկուցումները ստանալ եւ ապագային կարգ մը քայլերու դիմել», նշեց Պաղըշ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES