«ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՍՈՉԻԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՅԼ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՖՈՐ
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր երկուշաբթի օր այցելած է Պաքու, ուր լրագրողներուն յայտնած է, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ բանակցութիւններու հիմնական նիւթերը Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն վերջին եռակողմ հանդիպումին արդիւնքներն են, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծումն ու «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի իրականացումը:
«Եւրոպական Միութիւնը Սոչիի հանդիպումը կը նկատէ իբրեւ քայլ մը դէպի խաղաղութիւն: Յոյս ունինք, որ այդպիսի հանդիպումները ապագային եւս շարունակուին», ըսած է եւրոպացի պաշտօնատարը:
CATEGORIES Հայկական

