ՄԻՔԱԹԻ – ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքը, որուն ընկերակցեցան յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդներ Էլիաս Աուտէ, Էլիաս Քֆուրի, Աֆրամ Քիրիաքոս, Ղաթթաս Հազիմ եւ Քոսթանթին Քայեալ եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ նախկին նախարար Թարեք Մըթրի:
Հանդիպումէն ետք Հազիմ պատրիարքը հաստատեց, որ Դամասկոսի մէջ բնակած ընթացքին ինք օր մը օրանց չէ զգացած, որ քրիստոնեայ համայնքի զաւակները անիրաւուած կամ անարգուած են: Ան շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը նաեւ մասնակից եղած է Սուրիոյ ազգային կեանքին:
Հազիմ պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան իսկապէս արժանի է ըլլալու սիրոյ եւ ազնուականութեան երկիրը, ինչպէս նաեւ երկիր մը, ուր քաղաքական մշակոյթ գոյութիւն ունի:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի նախագահեց նաեւ նախարարական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի:
Վարչապետ Միքաթի կէսօրէ ետք ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ յայտնեց, թէ կառավարութեան տագնապին լուծման առումով հաղորդակցութիւնները սկսած են:
Վարչապետարան այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը եւ անոր ներկայացուց բանակին կարիքները:


