ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

Ապատիի հետ հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ քննարկած են Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ճարտարապետները հիւսիսային Լիբանան փոխադրելու հաւանականութեան թղթածրարը` աւելցնելով, որ նախանցեալ օր երկրորդ հանդիպում մը ունեցած են Շարպելի հետ եւ անկէ իմացած ներքին գործոց նախարարութեան ու ապահովութեան ուժերուն ջանքերը այդ իմաստով: «Մենք Շարպելի հետ համաձայնած ենք այս առումով քննարկումները շարունակել», շեշտեց Ապատի:

Զօր. Լահուտի այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Իպրահիմ Տահեր եւ նախկին երեսփոխան Քամիլ Խուրի:

Share this Article
CATEGORIES