ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄ – ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ

Լիբանանցի հոգեւոր պետերը եւ անոնց ներկայացուցիչները

Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողով մը` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ Պէյրութի առաջնորդարանին կատարած այցելութեան առիթով:

Վեհաժողովին Ռայի պատրիարքին կողքին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Եունան պատրիարք, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս, յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարք, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի ներկայացուցիչ շէյխ Ամին Քըրտի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի ներկայացուցիչ շէյխ Ահմետ Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, վեր. Սելիմ Սահիուն եւ շարք մը այլ հոգեւորականներ:

Վեհաժողովէն ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն` որդեգրելու լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը եւ ազգային ճառախօսութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի խաղաղութիւնը պահպանել` շրջանային բարդ եւ զգայուն պայմաններուն լոյսին տակ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վեհաժողովը կը դրսեւորէ ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան երկիր ըլլալու Լիբանանի օրինակելի պատկերը:

 

Share this Article
CATEGORIES