ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՄԻՐ ԺԱՀԺԱՀԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան մէջ Լիբանանեան ուժերու ներկայացուցիչ Էտի Ապի Լամա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները եւ անոնց առնչութեամբ ՀՅԴ-ի կեցուածքները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկրին դիմագրաւած հարցերն ու տագնապները երկխօսութեամբ լուծել` հեռու մնալով քաղաքական լարուած մթնոլորտ ստեղծող ճառերէն:
Հանդիպումին ընդգծուեցաւ նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

