ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՀԷՆՆԵՐ ԿՈՏՐԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՄՊՈՅԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ԿԱՅՔԷՋԸ

Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ազրպէյճանցի համակարգչահէններ կոտրած են ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը` sambo.am, որ արդէն իսկ շաբաթէ մը ի վեր չի գործեր:

PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը, որ կը հաղորդէ այս լուրը, կ՛ըսէ, որ կայքը պատրաստող եւ շահագործող «Ալթեզա» ընկերութեան մասնագէտներուն կարծիքով, անիկա ազրպէյճանցի համակարգչահէններուն գործն է` նկատի ունենալով, որ կայքէջին գլխաւոր էջին վրայ զետեղուած Հայաստանի եւ Արցախի միացեալ քարտէսներուն փոխարէն զետեղուած է Ազրպէյճանի դրօշակը:

Այժմ տեղի կ՛ունենան կայքէջին վերականգնման աշխատանքները:

Share this Article
CATEGORIES