ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՋՈՐԴ ՃԱԿԱՏՈՒՄԸ` 31 ՄԱՐՏԻՆ
Իր լուրը մէջբերելով Fightnews կայքէջէն, Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ գերմանահայ փորձառու կռփամարտիկ, միջին դասակարգի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ իր յաջորդ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 31 մարտին:
«Զաուըրլենտ» ընկերութեան կազմակերպած այս ճակատումը թէեւ տեղի պիտի ունենայ «Սփարքասսեն Արենա» մարզահամալիրին մէջ (Գերմանիա), սակայն Աբրահամի մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
Նշենք, որ իր կատարած վերջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ 14 յունուարին, Աբրահամ նաք-աութի ենթարկեց իր արժանթինցի մրցակիցը` Փապլօ Ֆարիասը:
CATEGORIES Մարզական


