ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ՔՈՆԹԱՏՈՐ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԱՆԿԷ ԽԼՈՒԵՑԱՒ 2010-Ի ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍԻ ՏԻՏՂՈՍԸ
Սպանացի հեծելանւորդ Ալպերթօ Քոնթատոր հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երկու տարիով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ի յայտ եկաւ, որ ան 2010-ին մրցումի մը ընթացքին խթանիչ դեղեր գործածած է:
Ատկէ բացի, անկէ խլուեցաւ 2010-ի Թուր տը Ֆրանսի տիտղոսը, որուն տիրացած էր ան երրորդ անգամ ըլլալով (2007-էն եւ 2009-էն ետք):
Այդ տիտղոսը այժմ պիտի տրուի Էնտի Շլեքի (Լիւքսամպուրկ), որուն ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը պիտի գրաւեն Տենիս Մենչով (Ռուսիա) եւ Պրետլի Ուիկիընզ (Անգլիա): Վերջինս հանդիսացաւ առաջին անգլիացին, որ կը բարձրանայ փոտիում:
Այն մտավախութիւնը կայ նաեւ, որ Քոնթատորէն խլուի Ժիրոյի 2011-ի տիտղոսը: Այս պարագային Սպանիոյ հեծելարշաւի ախոյեանը պիտի հռչակուի իտալացի Միշել Սքարփոնի:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 29 տարեկան Քոնթատորի արհեստավարժ ասպարէզը պիտի հասնի իր աւարտին, մանաւանդ որ ան այս տարի պիտի բացակայի երկու կարեւոր իրադարձութիւններէ. Թուր տը Ֆրանս եւ 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական:


