ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. – ՍԻՔՍԸՐԶ ՅԱՂԹԵՑ ԼԷՅՔԸՐԶԻ. – ԵՐԵՔ ՄՐՑՈՒՄ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած տասը ճակատումներէն երեքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք:

Անոնցմէ մէկն էր Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ մրցումը, որուն ընթացքին Ուիզըրտծ 111-108 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը (անիկա կրած է 20 պարտութիւն):

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 95-90 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզը: Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ), որ նշանակեց 28 կէտ, Էն. Պի. Էյ.ի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ հինգերորդ ամէնէն շատ կէտը նշանակած (28,601 կէտ) մարզիկը` գերազանցելով Շաքիլ Օնիլը (28,596): Ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակած է Քարիմ Ապտիւլ Ժապպար (38,387 կէտ):

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 102-107
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 95-90
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 111-108
Աթլանթա Հոքս – Ֆէօնիքս Սանզ 90-99
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Շիքակօ Պուլզ 87-108
Նիւ Եորք Նիքս – Եութա Ճեզ 99-88
Նիւ Օրլինզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 92-100
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 84-89
Տենվըր Նակեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց 90-99
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի 107-111

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Եութա Ճեզ
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Միլուոքի Պաքս – Ֆէոնիքս Սանզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Օքլահոմա Սիթի

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES