50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ՕԴԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐ
ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայ ազգը հռչակաւոր դէմքեր տուած է գիտութեան եւ մասնագիտական գրեթէ բոլոր ճիւղերուն` մէջն ըլլալով օդանաւորդութեան ասպարէզը:

Անունի եւ համբաւի տիրացած դէմքեր են Խորհ. Միութեան «Միկ» օդանաւերու գլխաւոր հնարիչը` փրոֆ. Արտեմ Միկոյեան, «Դուրբոլոտ» օդանաւին ստեղծիչը` Ա. Ռաֆայէլեանց, օդանաւեր շինողներ եւ գիտնականներ` Պ. Ղազանչեան, Գ. Նազարեան, Մելիք- Փաշայեան եւ ուրիշներ:

Սակայն հայ ժողովուրդը ոչ միայն գիտնականներ տուած է օդանաւորդութեան ասպարէզին, այլեւ` բազմաթիւ տաղանդաւոր ճարտարագէտներ, օդանաւորդներ եւ այլն, որոնցմէ շատերը աշխարհի ախոյեաններ են:

Օդանաւորդութեան մէջ համաշխարհային առաջին չափանիշը սահմանուեցաւ 1925-ին: Նախատիպ պատրաստողներու հայկական խումբը, որուն կազմին մէջ էին` Ա. Դաւթեան, Ռ. Բաբայեան, Ա. Գասպարեան եւ ուրիշներ, օդանաւերու նախատիպերու Խորհ. Միութեան մրցումներուն գրաւեց առաջին տեղը եւ սահմանեց երեք մրցանիշ: Նոյն թուականին Երեւանցի Ալեք Դաւթեան սահմանեց օդանաւերու նախատիպերու թռիչքի հեռաւորութեան եւ տեւողութեան Խ. Միութեան երկու նոր մրցանիշ: Այս ձեւով յաջողեցաւ մէկ անգամէն իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնել երկու համաշխարհային մրցանիշ, որոնք կը պատկանէին Մ. Նահանգներուն եւ Գերմանիոյ:

Այդ օրերուն հայ մեծ գեղանկարիչ Ի. Այվազովսկիին թոռը` օդանաւերու ճարտարագէտ, սաւառնորդ (փլաներիսթ) եւ օդաչու կոնստանդին Արցուելով սեփական շինութիւններու ծրագիրներով նուաճեց համաշխարհային շարք մը մրցանիշեր: Աւելի քան կէս դար ծառայած է օդանաւորդութեան ասպարէզին մէջ եւ մեծ օգտակարութիւն ունեցած է իբրեւ օդանաւեր եւ սաւառնակներ շինող:

Համաշխարհային հռչակաւոր մրցանիշեր հաստատողներու շարքին կը պատկանի փորձարկող օդաչու Ռաֆայէլ Գաբրիէլեան, որ իր գործունէութիւնը սկսած է օդանաւերու նախատիպերու մէջ, եղած է սաւառնորդ, ապա դարձած է օդաչու-ճարտարագէտ: Այնուհետեւ ան իր փայլուն աշխատանքով հասած է Միլի թռաններու գլխաւոր փորձերը կատարողի պաշտօնին:

Գաբրիէլեան (Խորհ. Միութեան առաջին օդաչուներէն էր, որ քաղաքացիական բազմատեղ օդանաւով կատարեց առանց վայրէջքի հեռաւոր թռիչք (3000 քիլոմեթր):

1956-ին Գաբրիէլեան  սահմանեց բարձրութեան եւ բեռնատարութեան համաշխարհային 2 մրցանիշեր, որոնց երկրորդը կրկնեց յաջորդ տարի: Իսկ

1959-ին Գաբրիէլեան կրկնապատկեց իր իսկ սահմանած մրցանիշը` 10 թոն բեռ բարձրացնելով 4885 մեթր:

Երեւանցի Կոնստանդին Մալխասեան կը տիրապետէ երեք մասնագիտութիւններու` օդաչու է, ռատիոթեքնիքի մասնագէտ է եւ` փորձեր կատարող: Մալխասեան փաստօրէն Խորհրդային Միութեան առաջին փորձարկողն էր, որ օդին մէջ փորձեց հռչակաւոր «Թու-104» օդանաւը: Այդ, ինչպէս նաեւ «Թու-114» օդանաւը, որոնց ղեկավարող կազմին մէջ էր Մալխասեան, սահմանեցին արագութեան եւ բեռնատարութեան 12 համաշխարհային մրցանիշներ: Մալխասեան «Թու-114» օդանաւով առանց վայրէջքի թռիչք կատարեց Մոսկուա-Թիրանա-Փեշտա-Փարիզ- Մոսկուա երթուղիով: Քիչ անց ան աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով առանց վայրէջքի թռիչք կատարեց Մոսկուա – Նիւ Եորք եւ հետագային` Մոսկուա – Փեքին:

Հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ նոյն օդանաւին անձնակազմին մէջ թէ՛ փորձերու, թէ՛ առանց վայրէջքի թռիչքներու ժամանակ եւ թէ՛ մրցանիշներ սահմանելու ատեն գործօն մասնակցութիւն ցոյց տուած է Արամ Տէր Յակոբեան իբրեւ առաջնակարգ ճարտարագէտ:

Համաշխարհային մրցանիշներ հաստատողներու շարքին իրենց հաստատուն տեղը ունին նաեւ հայ կին օդանաւորդները: Ասոնց փայլուն ներկայացուցիչներէն է նշանաւոր մարզիկուհի եւ ճարտարագէտ Թաթիանա Ռոցսիյեան, որ 1959-ին Մի – 4 ուղղաթիռով սահմանեց համաշխարհային մրցանիշ: Ուղղաթիռները փորձի ենթարկելու եւ մրցանիշները սահմանելու գործին մէջ մեծ վաստակ ունի նաեւ հայուհի Լուսիկ Բաբաջանեան:

Թէեւ ասոնցմով չի սահմանափակուիր օդանաւորդութեան մէջ ծառայող նշանաւոր հայ օդանաւորդներուն եւ մրցանիշներ հաստատողներուն ցանկը, այսուհանդերձ, գաղափար կու տայ, թէ ի՛նչ մեծ ծառայութիւններ ըրած են հայերը համաշխարհային եւ յատկապէս Խորհրդային Միութեան օդանաւորդութեան ասպարէզին մէջ:

Խ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

ՏՈՂԱՇԱՐ ՄԵՔԵՆԱՅ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՏՊԱՐԱՆԻՆ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան վերջին զեկոյցին մէջ կը կարդանք.-

Ինչպէս նախապէս եղած էր Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեանց միաբանութեան տպարաններուն եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին տպարանին համար, 20,000 (քսան հազար) տոլարի յատկացում մը կատարուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանը նման տողաշար մեքենայով մը օժտելու նպատակով:

ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Հիմնարկութիւնը 250,000 տոլար յատկացուցած է հայկական զանազան համայնքներու մօտաւորապէս 250 վարժարաններու մէջ անհրաժեշտ դատուած նորոգութիւնները կատարելու համար։ Մասնագէտները պիտի ճշդեն կատարուելիք նորոգութիւնները:

250,000 տոլար ալ յատկացուած է 250 վարժարաններու արդիական պահանջներուն համապատասխանող ուսումնական սարքաւորումներու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES