ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ՅԱՂԹԵՑԻՆ ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃԻ

Քաունթրի Լոճ - ՀՄԸՄ Պէյրութ երէկուան մրցումէն

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր Մոթ) տեղի ունեցաւ Քաունթրի Լոճ – ՀՄԸՄ Պէյրութ յետաձգուած մրցումը:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը արձանագրեցին իրենց 12-րդ յաղթանակը, երկարաձգման ընթացքին 90-72 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իրենց մրցակիցը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 9-13, 21-17, 18-17 եւ 21-22:

Այս չորս քորթըրներուն արդիւնքը այսպիսով եղաւ 69-69 հաւասարութիւն, որմէ ետք դիմուեցաւ երկարաձգումի:

14-րդ եւ վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ չորեքշաբթի, 15 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին պիտի հիւրընկալէ Պլու Սթարզը:

 

Share this Article
CATEGORIES