ԻՐ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ՄՐՑԱՆԻՇԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱԽԿԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍՏԱՑԱՒ «ԿԻՆԵՍ» ԳԻՐՔԻՆ ՄԷՋ ՄՏՆԵԼՈՒ
Բնականաբար լիբանանահայ գաղութին համար հանրածանօթ անուն մըն է միջազգային նախկին իրաւարար Սարգիս Տեմիրճեանը, որ ոսկեայ կնիք մը ունի դրոշմուած լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ:
Ան 30 երկար տարիներ լիբանանեան մարզական աշխարհին մէջ ծառայած ըլլալով մեծ համբաւ եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մեծ ճանաչում գտած է մանաւանդ իր արդար սուլիչին պատճառով:
Նկատի ունենալով, որ 21 տարի իբրեւ միջազգային իրաւարար անոր անունը պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի իրաւարարներու ցանկին վրայ, ան այդ իրողութեամբ եկաւ մրցանիշ մը հաստատելու:
Այս իրագործումը կատարած ըլլալով ան իրաւունք ստացաւ միջազգային մրցանիշերու «ԿԻՆԵՍ» գիրքին մէջ մտնելու: Կը կարծուի, որ «ԿԻՆԵՍ»-ի նոր հրապարակուելիք թիւին մէջ անոր մասին լոյս տեսնէ յատուկ յօդուած մը:
Բացի ատկէ, Տեմիրճեան վերջին շրջանին գնահատանքի յատուկ ոսկի մետալով մը պարգեւատրուեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն:
Վերոնշեալ երկու կարեւոր իրադարձութիւնները նկատի առնելով եւ տօնելով իր ծննդեան 80-ամեակը, Տեմիրճեան յատուկ ճաշկերոյթ մը սարքեց` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Ներկայ էին նաեւ մարզական լրագրողներ, վեթերան ֆութպոլիստներ, հրաւիրեալներ եւ անոր ընտանեկան պարագաներն ու ազգականները:
Իր արտասանած խօսքին մէջ դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց Սարգիս Տեմիրճեանը` անոր ունեցած երկար տարիներու վաստակին համար, ինչպէս նաեւ անոր կատարած կարեւոր իրագործումներուն համար, որոնք իսկապէս գնահատանքի արժանի են:
Իր խօսքը շարունակելով` դեսպան Քոչարեան երկար կեանք ու առողջութիւն մաղթեց Տեմիրճեանին եւ ըսաւ, որ շատ դժուար կը գտնուին անոր նման եզակի անձեր, որոնք երկար տարիներ ծառայած ըլլան ֆութպոլի կանաչ դաշտերուն:


