ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՀՈԳԵԿԱՆ ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տարեցներու մօտ հոգեկան ընկճուածութիւն եւ յիշողութեան խանգարում» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հոգեբուժ տոքթ. Ֆուատ Թահան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց քանի մը մտածումներ, թէ շարունակաբար սորվիլը բանալին է, որ յիշողութեան առողջ պահպանման, բայց բնական է, որ տարիքի յառաջացումով յիշողութիւնը տկարանայ, կարողականութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը նուազին, եւ երբ գոյութիւն ունին ընկերային եւ տնտեսական դժուարին պայմաններ, արդիւնքը կ՛ըլլայ տարեցին մօտ ընկճուածութիւնը:

Տոքթ. Ֆուատ Թահան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով հետեւեալ թուային պատկերները.

– Որեւէ վայրկեան 151 միլիոն մարդիկ կը տառապին ընկճուածութենէ:

– Ընկճուածութիւնը մարդոց երեքէն մէկուն մահուան հիմնական պատճառներէն է, ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան:

Ըստ առողջապահական հաշուարկներու, մինչեւ 2030 թուական ընկճուածութիւնը պիտի ըլլայ թիւ մէկ մահ պատճառով հիւանդութիւնը:

Ընկճուածութիւնը կրնայ նաեւ վնասակար ազդակ ըլլալ այլ տարբեր հիւանդութիւններու, ինչպէս` սրտանօթային, ոսկրային, շաքարախտի եւ ջղային համակարգին հետ առնչուած տարբեր հիւանդութիւններու:

Այս բաժինով տոքթ. Թահան ներկայացուց օրինակ մը սրտանօթային հիւանդութենէն. երբ ընկճուածութիւնը կ՛ընկերանայ վերոնշեալ հիւանդութեան, 5 առ հարիւր համեմատութիւնը կը բարձրանայ 15 առ հարիւրի:

Ընկճուածութեան ախտանշանները կրնան ըլլալ տրամադրութեան անկումը, հաճոյքի նկատմամբ նուազ հետաքրքրութիւնը, կշիռքի նուազումը կամ բարձրացումը, քունի խանգարումը, յոգնածութիւնը, կեդրոնացումի նուազումը եւ վերջապէս անձնասպանական մտածումներու յաճախականութիւնը:

Յաճախ ընկճուածութիւնը տարեցներուն մօտ նկատի չ՛առնուիր` զայն կապելով տարիքի յառաջացման բնական ընթացքը եւ յաճախ անտեսելով անոր բուժումը:

Տոքթ. Թահան ներկայացուց ընկճուածութեան թուային պատկերը, երբ տարեցները կը գտնուին ծերերու յատուկ հաստատութիւններու մէջ, եւ ընկճուածութեան համեմատութիւնը կը նուազի աստիճանաբար, երբ տարեցը կը գտնուի առողջ ընկերութեան մէջ:

Ընկճուածութիւնը յաճախ թաքնուած կ՛ըլլայ տարբեր ազդակներով` ջղայնութեամբ, մարմնային զանազան ցաւերով կամ հոգեբանական այլ երեւոյթներով:

Այս բաժինով դասախօսը ընկճուածութեան բաղդատական մը ներկայացուց երիտասարդներուն եւ տարեցներուն մօտ. յատկանշական տարբերութիւնը երկու խմբակներուն պարագային այն է, որ անոնք կը մտածեն անձնասպանական գործողութեան մասին, բայց երբ երիտասարդը աւելի յաճախ կը մտածէ, սակայն նուազ կը դիմէ արարքին, տարեցը նուազ մտածելով աւելի կը դիմէ անձնասպանական արարքին:

Տոքթ. Թահան յիշեց թիւրիմացութիւնները` կապուած ընկճուածութեան, թէ անիկա հիւանդութիւն չէ, կարելի չէ բուժել,  տկարութեան նշան է, բնական ընթացք է տարեցներու մօտ եւ յատկանշուած է կիներու մօտ:

Ըստ ՄԱԿ-ին, 80-89 տարեկան ծերերու թիւը հինգ անգամով պիտի բազմապատկուի 2000-էն մինչեւ 2050 թուականները, այս ընթացքով տարեցներու յատուկ հիւանդութիւններուն մէջ պիտի բարձրանայ յատկապէս ընկճուածութեան տարողութիւնը:

Տոքթ. Ֆուատ Թահան վերջին բաժինով բացատրեց ընկճուածութեան ախտորոշման ու բուժման միջոցները: Բուժման ընթացքին շարունակութիւնը կը կազմէ գլխաւոր ազդակը բարելաւելու նախկին վիճակը եւ երկար ժամանակ տարեցը պահելու մարմնական ու հոգեմտաւոր առողջ պայմաններու մէջ:

Աւարտին դասախօսը տարբեր օրինակներով ու ցուցմունքներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES