«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ. ԽՈՍՐՈՎ ԱՍՈՅԵԱՆԻ «ԿԱՆՉԸ» ՊՈԵՄԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը` նուիրուած Խոսրով Ասոյեանի «Կանչը» պոեմին, որ հրատարակուած է 21 սեպտեմբեր 2011-ին, Լոս Անճելըս:
Ընթերցման երեկոյին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»-ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ Խոսրով Ասոյեան «Բագին»-ի աշխատակից է, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ, որ իր բանաստեղծութիւններով ունի իր արժէքը:
Ապա, Խոսրով Ասոյեանի գրական արժէքն ու գործերը ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեան: Ան ըսաւ, որ հեղինակին առաջին բանաստեղծութիւնները լոյս տեսան 1968-1969 թուականներուն, ան հետագային հրատարակած է բանաստեղծական բազմաթիւ հատորներ, որոնք են «Կէտեր»-ը, «Արեւագալ»-ը, «Վեր-ա-դարձ»-ը, «Մենք ենք մեր սարերը»-ն եւ «Կանչը»:
Կիրակոսեան շեշտեց, որ բանաստեղծին գործը դիւցազներգութիւն է, որ չունի կաղապարներ, այլ` ունի ժամանակակից հնչեղութիւն եւ արդիական շունչ: Սարգիս Կիրակոսեան նշեց, որ Խոսրով Ասոյեանի համար բանաստեղծութիւնը ամէնօրեայ կռիւ է` ներկայացնելու իր անհատական եւ ազգային յուզումներն ու ապրումները:
Ներկայացնելէ ետք բանաստեղծութիւններուն քաղաքական ենթահողը` Կիրակոսեան աւելցուց, որ Ասոյեան տագնապող սփիւռքահայ է, որ յանձնառու է իր կոչումին` Արեւմտահայաստանին:
Սարգիս Կիրակոսեանի արժեւորման յաջորդեց Ասոյեանի գործերուն եւ ի մասնաւորի նոր հրատարակուած «Կանչը» պոեմէն հատուածներու ընթերցումը:

