ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Միքաթիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Խալտուն Շերիֆ զօր. Միշել Աունը եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ամբաստանեց երկրին իշխանութեան ընթացքը խանգարելու եւ վարչապետը իրենց ձեռքին մէջ խաղալիք դարձնելու յանցանքով: Ան շեշտեց, որ անկարելի է, որ զօր. Աուն եւ համախմբումը հասնին իրենց նպատակին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 100 լ. ոսկիով:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ թրքական դաւադրութիւնը բացայայտ է: «Թուրքիա վերջին պետութիւնն է, որ իրաւունք ունի խօսելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը առաջադրելու մասին, որովհետեւ ան դաւադրութեան մաս կազմող հիմնական գործակից է», ըսաւ Արաքժի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Մարուան Շարպել հերքեց առեւանգուած իրանցի ճարտարապետներուն Լիբանան գոյութիւնը:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ իրենք պէտք է ամէն ինչ հանդուրժեն` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն 1989-էն ի վեր նոյն ընթացքով կը շարունակէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ մերժեցին հակադարձել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կատարած ամբաստանութիւններուն` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն նման բանավէճի մաս կազմել:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման լիբանանեան քաղաքական շրջանակին մէջ իրեն մօտիկ անձնաւորութիւններուն յայտնած է, որ այս հանգրուանին վարչապետ Միքաթիի դէմ արշաւ մը սանձազերծելը անօգուտ է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Միքաթիին հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ ան կառավարութեան մէջ այլոց պայքարը կը մղէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ կառավարութիւնը չի կրնար այս ձեւով շարունակել իր աշխատանքը` աւելցնելով, որ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը կորսնցուցած են իրենց ներդաշնակութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի այցելուները «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ հաստատած է, որ կառավարութեան իսկական տագնապ գոյութիւն չունի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` աւելցնելով, որ իրենց համախմբումն է, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին յարձակումներուն թիրախ կը դառնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց կառավարութեան Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին առ հաշիւ գումար մը տրամադրելու, որպէսզի ան կարենայ շարունակել իր աշխատանքը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառավարութեան դիմագրաւած ներկայ տագնապին պէտք է լուծում մը գտնէ, որովհետեւ ինք անձամբ ստեղծած է կառավարութեան այդ տագնապը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ երկրին կայունութիւնը վարչապետ Միքաթիի համար կարեւոր է` աւելցնելով, որ կառավարութեան տագնապը լուծելու առումով հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուները «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ լիբանանեան բանակը հիւսիսային Լիբանան ուղարկելու որոշումը կը տրուի ապահովական կառոյցներու ղեկավարներուն կողմէ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ լիբանանեան բանակէն խնդրած է հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ բանեցուած հսկողութիւնը խստացնել:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն լուծելու իրենց հարցերը` շարունակել կարենալու համար երկրին քաղաքական աշխատանքը:
«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը 14 սեպտեմբերին Ս. Խաչի տօնին առիթով միօրեայ այցելութեամբ մը ժամանէ Լիբանան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տակաւին կը համբերէ` կառավարութեան տագնապին լուծման համար միջամտելու առումով:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը խստիւ դատապարտեց Աքքարի մէջ լիբանանեան բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` նկատել տալով, որ զինուորական այդ գործողութիւնները հրոսէջք կարելի է կոչել եւ ոչ թէ բանակի տեղակայում:

