ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ եւ Օմար Քարամէի քաղաքական խորհրդական Օսման Մաժզուպ:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Քարամէի հետ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններն ու Սուրիոյ նորագոյն զարգացումները, որոնց կարգին` նախագահ Պաշշար Ասատի գործադրած բարեկարգումները:
Ալի մաղթեց, որ լիբանանեան բանակը ամէն ձեւով օժանդակէ դադրեցնելու լիբանանեան սահմաններէն դէպի Սուրիա ահաբեկիչներուն հոսքը, ինչպէս նաեւ զէնքի մաքսանենգումը:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան-արեւմտեան դաւադրութիւնները պիտի տապալին, Դիմադրութեան ռազմավարական ընտրանքը ի վերջոյ պիտի յաղթէ եւ ամբողջ արաբ ազգին արժանապատուութիւնը պիտի պաշտպանէ:
Քարամէի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սապա:


