«Կ՛ԱՂՕԹԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Քահհալէ, Հատաթ եւ Լուայզէ շրջանները:

Ս. Աստուածամօր անուան եկեղեցւոյ մէջ Ռայի պատրիարքը մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ ինք Աստուծոյ փառք կու տայ, որ լիբանանցի ժողովուրդը մահը չի սիրեր եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շրջանցելու համար իր դժուարութիւնները:

«Մենք կ՛աղօթենք առ Աստուած Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի խաղաղութեան համար», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքին կատարած շրջապտոյտին ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը:

Նշենք, որ այսօր` Մար Մարոնի տօնին առիթով, Պէյրութի մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ Ռայի պատրիարքը պիտի նախագահէ մատուցուելիք պատարագին:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ. «Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի միջեւ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին թուրք պաշտօնատարը հաստատած է, որ Անգարա կ՛երաշխաւորէ, որ Սուրիոյ եւ արաբական շրջանին մէջ իսլամականները իշխանութեան պիտի չհասնին: Ռայի պատրիարքը լսելէ ետք Տաւութօղլուի երաշխիքները ըսած է. «Դուք կը փորձէք մեզի երաշխիքներ տալ, սակայն երբ դուք տիրեցիք Անտիոքին, անոր բոլոր եկեղեցիները մզկիթներու վերածեցիք եւ ոչ մէկ եկեղեցի ձգեցիք շրջանին մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES