ՄԻՔԱԹԻ ՇԵՇՏԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը մեկնի Ֆրանսա` հանդիպումներ ունենալու համար Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ, երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու միացեալ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ատնան Քասսարի եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` պահպանելու համար Լիբանանի տնտեսական կայունութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած հսկայ մարտահրաւէրները:
Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ, որ պէտք է նաեւ արդիական ըլլալ եւ տնտեսութեան մէջ յաւելեալ ազատականութիւն որդեգրել` պահպանելով սեփական մարզին դերակատարութիւնը:
Այս իմաստով վարչապետ Միքաթի վերստին ողջունեց Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ ամիսներ առաջ գոյացած համաձայնութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ պետական նախարար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Քանսօ նշեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է կառավարութեան աշխատանքները արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առաջնահերթութիւնը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց տեղեկատուութեան նախարարութեան դիմագրաւած հարցերը:
Նշենք, որ յետմիջօրէին Միքաթի ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն յառաջիկայ երեքշաբթի, 14 փետրուարին Լիբանանի մէջ պետական եւ կրթական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան Է. տարելիցին առիթով:


