ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Նեսիպ Լահուտի մահուան առիթով Պըրրի ցաւակցագիր մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն:
Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը իրեն յանձնուած բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ` հրամանատարութեամբ զօր. Ժան Քահուաժիի:
Պըրրի ընդգծեց, որ բանակը Լիբանանի կառավարութեան տուած Սուրիոյ դէպքերէն չէզոքութիւն պահելու քաղաքական որոշումը կը գործադրէ տառացի կերպով:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կողմնակալութիւն չի կատարեր, այլ` իր ազգային պարտականութիւնը լիովին կ՛ամբողջացնէ:


