ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵԼՈՒ ԲԱՆԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Ֆատել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ողջունեց քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ լարուածութենէն հեռու մնալու լիբանանեան բանակին առաքելութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները հակակշիռի տակ պահել:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախմբուելու բանակին շուրջ, որովհետեւ բանակը իր ամբողջական վստահութիւնը դրած է լիբանանեան ազգային միասնականութեան վրայ: Ան աւելցուց նաեւ, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանը հեռու պահելու Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն, յատկապէս Լիբանան – Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին որդեգրելիք ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանները պահպանելու անհրաժեշտ քայլերը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բանակը երկրին իշխանութեան քաղաքական ամբողջական հովանին կը վայելէ իր կատարելիք աշխատանքներուն պարագային:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Մուքպելի նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Ատնան Քասսար եւ Ժիհատ Ազուր:

Share this Article
CATEGORIES