ՓՈՒԹԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆԽՈՀԵՄ ՁԵՒՈՎ ՎԱՐՈՒԵԼԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին զգուշացուց «Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելէ եւ անոր նկատմամբ անխոհեմ ձեւով վարուելէ»:

Փութին յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սուրիացի ժողովուրդին առիթ ընծայէ, որ ինք իր ճակատագիրը ճշդէ: Ան «բոլոր կողմերուն» գործած բռնարարքները դատապարտեց:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհը լիազօրած է ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն հետ համապարփակ երկխօսութիւն եւ բարեփոխումներ կատարելու` նշելով, որ սուրիական ղեկավարութիւնը պատրաստ է առանց նախապայմաններու ազգային համապարփակ երկխօսութիւն կատարելու:

Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ միջսուրիական երկխօսութեան արդիւնքները կանխէ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի անոնք հրաժարին զէնքի գործածութենէն եւ բանակցութեան սեղանի շուրջ նստին:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը Սուրիոյ մէջ շարք մը երկիրներու դեսպանները տուն կանչելը նկատեց «անտրամաբանական» քայլ մը, որ տագնապի լուծման արաբական ծրագիրի գործադրութեան չի ծառայեր:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակ Վիթալի Չուրքին «Առ. Թի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «բոլոր տագնապները բանակցութիւններու ճամբով կը լուծուին: Ըստ իս, սուրիական հարցի լուծման երկու ուղի կայ, առաջինը վարչակարգին վրայ ուղղակի յարձակում կատարելն է, բան մը, որ վերջերս վարչակարգին փոփոխութիւնը ուզող միջազգային կարեւոր դերակատարներու զօրակցութեամբ տեղի կ՛ունենար: Անոնք փորձեցին տագնապը լուծել ուղղակի կերպով Դամասկոսի մէջ ներկայ կառավարութիւնը տապալելու միջոցով, ինչ որ կը նշանակէ արեան բաղնիք, քաղաքացիական պատերազմ եւ տագնապ, որ սուրիական սահմաններէն անդին կրնայ տարածուիլ: Իսկ երկրորդ ընտրանքը սուրիացիները առանց արիւնահեղութեան` քաղաքական լուծում մը գտնելու համար իրարու միջեւ երկխօսութիւն կատարելու քաջալերելն է, եւ մենք, անշուշտ, երկրորդ ընտրանքին կը զօրակցինք: Այս պատճառով ալ սուրիական ընդդիմութիւնը կը քաջալերենք սուրիական կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու համար գալու Մոսկուա կամ որեւէ այլ վայր, որ երկխօսութեան համար երկու կողմերուն համար ընդունելի կ՛ըլլայ»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա աշխատանք կը տանի սուրիական տագնապին շուրջ շրջանային եւ միջազգային կողմերու մասնակցութեամբ կարելի եղածին չափ շուտ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու: Ան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, որ «մենք այս հիմամբ Սուրիոյ մէջ կացութեամբ մտահոգ երկիրներուն միջեւ միջազգային համախոհութիւն յառաջացնելու նպատակով համապարփակ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու վճռակամ ենք»:

Ան ըսաւ, որ խորհրդաժողովը կրնայ Թուրքիոյ կամ այլ երկրի մէջ ըլլալ, սակայն պէտք է «շրջանին մէջ» ըլլայ եւ «կարելի եղածին չափ ամէնէն մօտ ժամանակաշրջանին»` աւելցնելով, որ Թուրքիա Սուրիոյ համար «ճամբու նոր քարտէս» մը ճշդելու համար աշխուժ դիւանագիտութեան քաղաքականութիւն կը վարէ:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիտի չյանդգնի Թուրքիոյ դէմ քրտական խաղաքարտը օգտագործել` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս վարչակազմ մը, որ Զապատանի շրջանին չի վերահսկեր, կրնայ Թուրքիոյ դէմ դնելու մասին մտածել: Ան Արեւմուտքի շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն նման Ասատի խոստումները հարցականի տակ առաւ` անոնց հաւատալը «միամտութիւն» նկատելով:

Ալճերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Անշըր ալճերիական «Խապար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Ուաշինկթըն Ասատին անձեռնմխելիութիւն շնորհելուն դէմ չէ` նշելով, որ ռուսական եւ չինական վեթոն «հարցին վերջը չէ», այլ սուրիական տագնապին ելք մը գտնելու եւ նախագահը իշխանութենէն հեռացնելու ուղղութեամբ լուրջ աշխատանքի սկիզբը:

Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Փենթակոն եւ ամերիկեան բանակի սպայակոյտը սկսած են ամերիկեան բանակի կարողութեան ներքին նախնական քննութիւն մը կատարել` պատրաստուելով Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն մը կատարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանի հաւանականութեան: Սակայն Փենթակոնէն աղբիւր մը նշած է, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու որեւէ որոշում չէ տրուած:

Միւս կողմէ, արաբական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները Գահիրէի մէջ յառաջիկայ կիրակի օր իրենց գումարելիք ժողովին ընթացքին Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչ ճանչնալու ընտրանքը պիտի քննարկեն: Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ղեկավար Մոհամետ Ֆարուք Թայֆուր «Ֆաժըր» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի ճանաչման կարելիութեան ակնարկեց:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով քննարկեց Սուրիոյ տագնապը: Էրտողան երեքշաբթի գիշեր Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ նոյնպիսի հաղորդակցութեան մը ընթացքին եւս քննարկած էր սուրիական կացութեան զարգացումները:

 

Share this Article
CATEGORIES