ՌԻՔ ՍԱՆԹՈՐՈՒՄ ՄԻՆԵՍՈԹԱՅԻ ԵՒ ՄԻԶՈՒՐԻԻ ՄԷՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվենիա նահանգէն նախկին ծերակուտական Ռիք Սանթորում Մինեսոթա եւ Միզուրի նահանգներուն մէջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած է:
Փորձագէտներու կարծիքով, ներկուսակցական պայքարին մէջ յաղթելով Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն դառնալու մեծ կարելիութիւններ ունի մորմոն միլիառատէր Միթ Ռոմնին, սակայն Մինեսոթայի եւ Միսուրիի մէջ անյաջողութիւնները կրնան սասանել անոր դիրքը:
CATEGORIES Միջազգային

