50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐԸ
Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը արտասահմանի թատերական մեր կեանքին մէջ աննախընթաց նուաճում մը եւս արձանագրեց «Հին աստուածներ»-ու ներկայացումով, որ «Կրան թէաթր»-ի բեմէն տրուեցաւ ամբողջ երկու շաբաթ` թատերասէր հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին արժանանալով:
Անկախ ներկայացումէն եւ դերակատարներու խաղարկութենէն, որոնց մասին յաջորդական երկու թիւերով կը խօսի մեր աշխատակիցը` Ժիրայր Աթթարեան, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբին աստիճանական վերելքը, որ կ՛ընդգրկէ քսան տարիներու երկար շրջան մը, ինքնին երեւոյթ մըն է, որ յաւելեալ արժէք կը ստանայ, երբ կ՛անդրադառնանք, որ իր կեանքի քսան տարիներու ընթացքին այս խումբը ո՛չ միայն բարձունքներ նուաճած է, այլ նաեւ հասարակութեան մէջ զարգացուցած է թատրոնի ճաշակը` շնորհիւ բեմին հանդէպ իր բծախնդիր եւ բարեխիղճ վերաբերումին, որ ինքնաբերաբար փոխանցուած է ժողովուրդին:
Թատրոնը, ըստ էութեան, երկրորդ դպրոց մըն է մարդուն համար, որ դերակատարին եւ իր միջեւ ստեղծուած հաղորդումի պահերուն վեր կը բարձրանայ առօրեայէն` հասնելու համար արուեստի ոլորտներուն, ուր աւելի կը խօսուի հոգիին` քան աչքին, սրտին, քան` ականջին: Ժողովուրդի մը մշակոյթին գերագոյն արտայայտութիւնն է ան, ուր գրականութեան եւ արուեստի բոլոր մարզերը կը ներդաշնակուին` տալու համար իսկական արուեստը, որ կեանքին ու անոր հետ առնչութիւն ունեցող յոյզերու եւ մտածումներու ոճաւորուած արտայայտութիւնն է:
Մշակոյթի բարձրագոյն աստիճաններուն վրայ գտնուող ժողովուրդներն անոնք են, որ թատերական մարզի մէջ արձանագրած են իրենց ամէնէն գեղեցիկ նուաճումները: Թատրոնի հանդէպ այս ըմբռնումը գուցէ ինքնաբերաբար չի գոյանար իւրաքանչիւր հանդիսատեսի մէջ, բայց հետեւողական աշխատանքով ու ճիգով կարելի է ժողովուրդ մը բարձրացնել թատրոնի պաշտամունքին, որ արուեստի պաշտամունքն է, հոգեկան արժէքներու պաշտամունքը:
Համազգայինի թատերասէրները, շնորհիւ իրենց հիմնադրին` տաղանդաւոր թատերագէտ Գասպար Իփէկեանի ներշնչած ոգիին, այսօր հասած են տեղ մը, ուրկէ անդին, յաւելեալ հնարաւորութիւններու նպաստով, ի վիճակի են գոհացնելու ամէնէն խստապահանջ հանդիսատեսն անգամ: Ասիկա կ՛ըսենք, ո՛չ թէ իբրեւ ձրի գնահատանք` գործի մը հանդէպ, որուն կարեւորութիւնը շեշտելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած ենք ցարդ, այլ որովհետեւ մօտէն տեղեակ ենք թատերասէրներու խումբի իւրաքանչիւր անդամին նուիրումի չափին: Ղեկավարէն սկսած մինչեւ ամէնէն աննշան դերերը ստանձնողներու մօտ նկատած ու հաստատած ենք` իրենց գործին հանդէպ ծայրայեղ լրջութիւն եւ խստապահանջութիւն մը, որ նախապայմանն է կատարելութեան ձգտումին արդիւնաւորման:
Երկաթեայ կարգապահութիւնը, որ կը տիրէ խումբին մէջ, պարզապէս արտայայտութիւնն է թատերական արուեստին հանդէպ թատերասէրներուն ունեցած բծախնդիր կեցուածքն: Այս է, կը կարծենք, խումբին յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը, եթէ կայ ուրիշ գաղտնիք մը:
Բնականոն պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդներու պարագային, անշուշտ հանդիսատեսը իրաւունք կ՛ունենայ գործը դատելու իր արդիւնքէն: Բայց մեզի նման ժողովուրդներ, որոնք զրկուած են մշակութային արտայայտութիւնները հնարաւոր դարձնող բազմաթիւ տուեալներէ, նման պերճանք մը չեն կրնար շնորհել իրենց վերաբերումին: Ստիպուած են նկատի ունենալ պայմանները եւ իրենց դատումը հիմնաւորել այդ պայմաններուն ստեղծած կացութեան բերումով: Արդ, մեր իրականութեան մէջ «Գասպար Իփէկեան» խումբին կատարած դերն ու արձանագրած յաջողութիւնները, վերոյիշեալ նկատումներու լոյսին տակ, կրկնակիօրէն արժանի են թատերասէր հասարակութեան անվերապահ գնահատանքին:
Այդ գնահատանքը միայն թատերասրահները լեցնելով (հոգ չէ թէ տասն եւ հինգ անգամ) ծափահարելով ու շնորհաւորելով չ՛ըլլար, այլ` շատ աւելի շօշափելի միջոցներով: Այդ շօշափելին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կոչին մէջ յստակօրէն կը դրուի մեր ժողովուրդին առջեւ: Սեփական թատրոնի մը շինութեան հարցն է այդ, գեղեցիկ ձեռնարկ մը, որ պէտք է անպայման իրականանայ, եթէ այս գաղութը իսկապէս նախանձախնդիր է իր համբաւին եւ կը գիտակցի արտասահմանի մտաւորական կեդրոնը ըլլալու պատիւին ու մանաւանդ պարտականութեան:

