ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ Կ՛ԱՐԾԱՐԾԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՐՑԸ

ՀՅԴ խմբակցութիւնը` կառավարութեան հարցուպատասխանի նիստին ընթացքին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Ազգային ժողովին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ կառավարութեան ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ մեր ամէնէն փայլուն գաղութներէն մէկը` Սուրիոյ հայկական գաղութը, շատ լուրջ վտանգի տակ կը գտնուի եւ վտանգը խաժամուժն է, որ այսպիսի իրավիճակներուն ընթացքին գլուխ պիտի բարձրացնէ եւ արդէն բարձրացուցած է:

Ան նշեց, որ թէեւ հարցը քանի մը երես ունի, բայց իրեն ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ այն, որ հայրենի կառավարութիւնը արդեօք որեւէ ծրագիր ունի՞ իրավիճակի կտրուկ վատթարացման պարագային օգնութեան ձեռք մեկնելու համար:

Պատասխանելով այս հարցումին` վարչապետ Տիգրան Սարգսեան վստահեցուց, որ հարցը կը գտնուի կառավարութեան ամէնօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ եւ իրենք կ՛աշխատին համայնքին հետ: «Բնականաբար, նախ եւ առաջ մեզ կը մտահոգէ համայնքի ապահովութեան խնդիրը: Կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, որ կարելի բոլոր միջոցները կ՛օգտագործենք Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնելու համար», ընդգծեց վարչապետ Սարգսեան:

Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ առնուազն բաւարարուած է անով, որ խնդիրը կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի, եւ հետաքրքրուեցաւ, որ կա՞ն վերաբնակեցման ծրագիրներ: Վարչապետը ընդգծեց, որ կ՛ուսումնասիրեն խնդիրը, թէ ի՛նչ նախապատուութիւններ կրնան յառաջանալ: «Պիտի ուղղորդենք, որ նախապատուութիւնը տրուի մայր հայրենիքին», ըսաւ վարչապետ Սարգսեան:

Share this Article
CATEGORIES