ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԼԻՊԸՐՄԱՆԻՆ
Պատասխանելով Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի այն խօսքին, որ Ողջակիզում եզրը կիրարկելի չէ Հայոց ցեղասպանութեան առումով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարեց, որ որեւէ մէկը Ողջակիզում եզրը չի գործածեր Հայոց ցեղասպանութիւնը բնութագրելու համար:
Հայոց ցեղասպանութիւնը կը բնութագրուի «ցեղասպանութիւն» եզրով ոչ միայն այն պատճառով, որ տասնեակ երկիրներ եւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ երբ Ռաֆայէլ Լեմքին առաջին անգամ առաջարկեց «ցեղասպանութիւն» եզրը, ան կը հիմնուէր Հայոց մեծ եղեռնի օրինակին վրայ: Հետագային այդ եզրը սկսաւ կիրարկուիլ տարբեր միջազգային ատեաններու կողմէ տարբեր միջազգային փաստաթուղթերու մէջ:
Նախարարը նշեց, որ Երուսաղէմի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Իսրայէլ Չառնին յայտնած է, որ Իսրայէլ պէտք է վերջ դնէ իր բառախաղին եւ վերջապէս ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ըստ նախարար Նալբանդեանի, Չառնին որոշ քաղաքական հաշուարկներով չէ առաջնորդուած, երբ այդպիսի բան ըսած է: Նախարարը ընդգծեց, որ Իսրայէլի մէջ բոլորն ալ լաւ կը գիտակցին, որ Չառնին լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ողջակիզում եւ Ցեղասպանութիւն: