«ՊԱՂԸՇԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՔՐԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾ ԴԺՈՒԱՐ ԹԷ ՅԱՐՈՒՑՈՒԻ» «ԵՐԿԻՐ»-ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու գծով նախարար Էկեմեն Պաղըշի նախորդ շաբաթ Ցիւրիխի մէջ կատարած յայտարարութեան` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Երկիր»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ոչ միայն Եւրոպական Միութեան հետ բանակցող, այլ նաեւ ընդհանրապէս ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի համար անյարիր է այդպիսի փողոցային ոճով խօսակցութիւնը:
Ան նշեց, որ ասիկա կ՛արտայայտէ ոչ միայն Պաղըշի, այլեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն լկտիութիւնը եւ լաւ բան չի խոստանար իրենց համար, որովհետեւ պարզ է, որ այսպիսի ոճի յայտարարութիւններով իրենք անընդհատ սխալներու մէջ կ՛իյնան:
Կ. Մանոյեան նաեւ յայտնեց, որ Զուիցերիոյ դատախազութիւնը դժուար թէ քրէական գործ յարուցէ Պաղըշի նկատմամբ, քանի որ 2 տարի առաջ Զուիցերիոյ ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէօրէն պատժելի նկատող օրէնքը չի տարածուիր դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունեցող անձին վրայ:
Մանոյեան նշեց, որ վստահ է, թէ այս պարագային նախարարը դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունի:
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ Պաղըշ Զուիցերիոյ մէջ յայտարարած էր, որ 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն չեն եւ շնականօրէն աւելցուցած. «Թող գան եւ ձերբակալեն զիս»: