«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼՈՒ ՆՈՐ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՊԻԱ

Ռոլան Քոպիա

Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Ռոլան Քոպիա երէկ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային հոլովոյթը արագացնելու եւ դիւրացնելու նպատակով նոր գաղափարներով հանդէս գալու:

«Նախ եւ առաջ, Եւրոպական Միութեան մօտեցումը ուղղուած է մարդոց միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ հակամարտող կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման», ըսած է ան:

Ըստ Քոպիայի, Եւրոպական Միութեան առաջարկը տակաւին կը քննարկուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն կողմէ եւ առաջին իսկ կարելիութեան պարագային պիտի ներկայացուի լայն հասարակութեան:

Ըստ պատուիրակին, ղարաբաղեան խնդիրը եղած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի Ազրպէյճանի մէջ ունեցած հանդիպումներու քննարկման հիմնական նիւթը: Վերջինս Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին ու ներքին գործոց, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան նախարարներուն հետ:

Ըստ Քոպիայի, տագնապի լուծման հարցին մէջ առաւել աշխուժ դեր խաղալու Եւրոպական Միութեան մտադրութիւնը հաստատած էր նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն` 2011-ի վերջաւորութեան Պաքու կատարած իր այցելութեան ժամանակ:

«Ուրախ եմ, որ Եւրոպական Միութեան այս ձգտումը մեծ ուշադրութեան արժանացաւ Սոչիի մէջ նախագահներու եռակողմ հանդիպումին ժամանակ: Անիկա նաեւ ընդունուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ», ըսած է Քոպիա:

Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակը յոյս յայտնած է, որ կառոյցը յաջողի այս հարցին մէջ ներդրում ունենալ:

 

Share this Article
CATEGORIES