«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՉԵՂԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԺԱՆ ՔԼՈՏ ԿՈՏԵՆ
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Ֆրանսայի իշխող Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժումի կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Ժան Քլոտ Կոտեն յայտարարած է, որ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեղեալ յայտարարուի:
«Հաւանականութիւնը մեծ է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը չեղեալ յայտարարուի: Ես շատ մտահոգ եմ այդ առնչութեամբ: Այդ օրինագիծը հակասահմանադրական պիտի ճանչնան: Բացի ատկէ, դատարանը կրնայ 2001-ին որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրէնքը, ինչպէս նաեւ հրեաներու ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը չեղեալ յայտարարել», ըսած է Կոտեն:
CATEGORIES Հայկական


