«ԵՍ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԿԸ ՅԱՐԳԵՄ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ԱԼ ՊԷՏՔ Է ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԸ ՅԱՐԳԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱՐՔՈԶԻ
«Փոլիթիք Ինթերնասիոնալ» պարբերականը իր վերջին թիւին մէջ լոյս ընծայած է ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծին վերաբերեալ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ հարցազրոյցը:
Պատասխանելով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին դէմ Թուրքիոյ հակազդեցութեան մասին հարցումի մը` Սարքոզի յայտնած է. «Թուրքիան մեծ պետութիւն մըն է, որ ունի հզօր քաղաքականութիւն: Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ անոր վարած դիւանագիտութիւնը կրնայ անփոխարինելի դեր խաղալ` վերոնշեալ շրջաններուն մէջ խաղաղութեան հաստատման համար: Թուրքիան ամբողջ աշխարհին մէջ, ներառեալ` Իսրայէլի մէջ, բանակցութեան միջոցով ամէնէն շատ կրնայ ազդել դէպքերու բնականոն ընթացքին վրայ եւ նպաստել շրջանի կայունացման»:
«Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, որ 1915-ին 1.5 միլիոն մարդու կեանք խլեց, այս պարագային մենք կանգնած ենք սկզբունքային հարցի առջեւ. արդեօ՞ք պետութեան պատճառով յիշատակի պարտականութիւնը պէտք է ետեւի կարգ մղուի: Իմ համոզումս այն է, որ այդ հարցին մէջ զիջողականութիւնը վախկոտութիւն է, որուն գինը ի վերջոյ միշտ կը վճարուի: Ես կը գիտակցիմ այս հարցին նրբութեան: Նաեւ լաւ գիտեմ, որ Ֆրանսա դասեր չի տար: Ասիկա բոլոր երկիրներուն պատիւն է` իրենց պատմութեան առջեւ կանգնիլը, եւ Ֆրանսան այս առումով շատ բան կատարած է: Կարճ կտրուկ, ես կը յարգեմ թուրքերը, սակայն անոնք ալ պէտք է իրենց գործընկերները յարգեն»:


