ՊԱՂԸՇ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՎԷՃԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ
Գերմանական «Վելթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ Գերմանիոյ կոչ ուղղած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ պատմական վէճը լուծելու:
Ան օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ պատմական «վիճայարոյց» հարցը լուծելու համար դիմած է գերմանական իշխանութիւններուն: «Գերմանական արխիւներուն մէջ պէտք է ըլլան 1915-ի դէպքերուն մասին փաստաթուղթեր», ըսած է ան` Պերլինին կոչ ուղղելով իր արխիւները պատմաբաններուն դիմաց բանալու:
Պաղըշ ընդգծած է, որ այն փաստաթուղթերը, որոնք ինք տեսած է, «կ՛ապացուցեն, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ոչնչացման նպատակ չէ հետապնդուած, այլ եղած է քաղաքացիական պատերազմ»: Ըստ թուրք նախարարին, «զոհեր եղած են ե՛ւ թուրքերու, ե՛ւ հայերու կողմէ»:
CATEGORIES Հայկական


