ԱՆՑԵԱԼ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԱՐՑԱԽ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ ԵՆ 440 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան անձնակազմի նիստ, որուն ընթացքին նախարար Նարինէ Ասծատրեան շեշտեց, որ միայն պետական պիւտճէի միջոցները բաւարար չեն վերաբնակեցման մարզի խնդիրներուն լուծման համար: Սակայն, աշխատանքներ կ՛իրականացուին եւ իբրեւ արդիւնք` վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Արցախ տեղափոխուած են աւելի քան 440 ընտանիքներ, որոնցմէ 130-ը` անցեալ տարի:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտնեց, որ վերջին տարիներուն վերաբնակեցման մարզին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները կ՛արձանագրեն դանդաղ, սակայն դրական տեղաշարժեր: Օրինակ` անցեալ 7 ամիսներուն ընթացքին միայն Քաշաթաղ փոխադրուած են մօտ 300 ընտանիքներ:

Վարչապետը նշեց, որ հայրենադարձութեան ծրագիրները պիտի շարունակուին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES