ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՀԱՐՑՈՎ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ

Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի պաշտօնական դիրքորոշումը, ըստ որուն` Ստեփանակերտի օդակայանին հետ կապուած թռիչքները կը հակասեն միջազգային դաշինքներուն:

«Մենք միշտ կը պաշտպանենք Ազրպէյճանի դիրքորոշումը: Բոլոր մարզերուն մէջ մենք Ազրպէյճանի կողքին ենք եւ կը սատարենք անոր արդարացի պայքարին: Այդ հարցը պէտք է որոշուի միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ», «Թրենտ» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` լրագրողներուն ըսաւ թուրք դեսպանը:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա յայտնած է, որ նախքան Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործումը, Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է լուծեն թռիչքներու անվտանգութեան հարցերը:

Լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Պրայզա նշած է, որ ինք համաձայն է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան այն դիրքորոշումին հետ, որ կողմերը նախքան օդակայանի բացումը պէտք է միասին քննարկեն այդ հարցերը: «Մենք կը կարծենք, որ մանրամասնութիւնները կրնան քննարկուիլ», ըսած է ան:

Նշենք, որ Ստեփանակերտի օդակայանը պիտի սկսի գործել 9 մայիսին:

Share this Article
CATEGORIES